Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան Յուլիս 28-ին ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ԿԳՄՄ փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեան:
Տիկին Անդրէասեան շեշտած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական եւ պատմականօրէն սերտ յարաբերութիւնները՝ վերահաստատելով գործակցութեան ընդլայնման եւ ամրապնդման պատրաստակամութիւնը՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարզանքի բնագաւառներուն մէջ:
Անդրադառնալով միասնաբար իրագործուող ծրագրերուն՝ նախարարը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան համագործակցութեամբ ֆրանսերէնի ուսուցիչներուն համար կազմակերպուած «Ֆրանսերէնը որպէս օտար լեզու․ վերապատրաստում, արդիականացում եւ խթանում» ծրագրին, որուն շրջանակին մէջ վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցած է շուրջ 240 ուսուցիչ:
Կողմերը քննարկած են նաեւ մշակոյթի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Պարպիզոնի մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին, ուր կը ցուցադրուին հայկական տպաւորապաշտութիւնը ներկայացնող բարձրարժէք գործեր՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի հաւաքածոյէն:
Քննարկուած են նաեւ 2025 Սեպտեմբերին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Լուվրի թանգարանին հետ միասնական ցուցադրութեան կազմակերպչական հարցերը: Նախատեսուած է Լուվրի հաւաքածոյէն Հայաստան փոխադրել աւելի քան մէկ տասնեակ նշանակալի ցուցանմուշ՝ պահպանելով անվտանգութեան բոլոր կանոնները:
Դեսպան Տըքոթինյի նշած է, թէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ արդէն իսկ ձեւաւորուած է աշխուժ, փոխշահաւէտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, որ հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան վրայ։ Ան վերահաստատած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակաբար ներդրելու ջանքեր համագործակցութեան ամրապնդման եւ նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ՝ ի շահ երկու ժողովուրդներու։
Հանդիպումին արծարծուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս, ինչպէս Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի, Անաթոլ Ֆրանս կրթահամալիրի գործունէութեան, Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ իբրեւ օտար լեզու ֆրանսերէնի դասաւանդման առնչուող նիւթեր։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։