Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Յուշաքարի բացում

Նուիրուած՝ Սիսիան եւ Մոնթելիմար զուգորդուած քաղաքներու բարեկամական յարաբերութիւններուն

Յունիս 3-ին, Սիսիանի մէջ հիւրընկալուած է Ֆրանսայի Մոնթելիմար քաղաքի պատուիրակութիւնը՝ քաղաքապետ Ժիւլիէն Գոռնիյէի գլխաւորութեամբ։

Հիւրերը դիմաւորուած են աղ ու հացով, որմէ ետք համայնքի ղեկավար Յովսէփ Առաքելեան պատուիրակութեան ուղեկցած է դէպի «Սիսակ Նահապետ» կեդրոնական հրապարակ, ուր տեղի ունեցած է Սիսիան-Մոնթելիմար զուգորդուած քաղաքներու բարեկամական յարաբերութիւններուն նուիրուած յուշաքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Երգով ու պարով հանդէս եկած են ուսումնական հաստատութիւններու փոքրիկները, որոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով յուզած են ներկաները։ Սիսիանի ղեկավար Յովսէփ Առաքելեան ողջունած է եւ շնորհակալութիւն յայտնած հիւրերուն։

“Այսօր Սիսիան համայնքի համար պատմական օր մըն է։ Մենք տեղադրեցինք յուշաքար մը, որ կը խորհրդանշէ երկու քաղաքներուն բարեկամութիւնը։ Համոզուած եմ, որ ան պիտի հանդիսանայ շարունակաբար խորացող ու ընդլայնուող յարաբերութիւններու խորհրդանիշերէն մէկը”,– նշած է համայնքապետը։

Իր կարգին Մոնթելիմարի քաղաքապետն ալ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ վստահեցուցած, թէ գործակցութեան շնորհիւ ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդուին երկու քաղաքներու ջերմ կապերը։

Աւարտին, քաղաքապետերը փոխանակած են խորհրդանշական նուէրներ։

Նշենք, թէ նախքան այդ, Ժիւլիէն Գոռնիյէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Սիսիանի քաղաքային պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհած քաջորդիներու յիշատակին։ Այնուհետեւ ֆրանսացի հիւրերը մոմ վառած են Սիսիանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։