Անցնող շաբթուան ընթացքին Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելած է Վանաձոր, ուր ընդունուած է տեղւոյն համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Արկադի Փելեշեանի կողմէ։
Վերջինս ողջունած է դեսպանը՝ նշելով, թէ ուրախ է կրկին զինք տեսնելու Վանաձորի մէջ:
Օլիվիէ Տըքոթինյի ընդգծած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քաղաքներու միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը, յիշելով անոնցմէ ամէնէն հինը՝ Վանաձոր-Պանիէօ զուգորդուած քաղաքները:
Ան առաջարկած է Յունիս 21-ին Վանաձորի մէջ կազմակերպել ֆրանսական երաժշտութեան համերգ, ուր կրնան նաեւ ելոյթներ ունենալ տեղական խումբերն ու կատարողները:
Արկադի Փելեշեան ուրախութեամբ ընդունած է առաջարկը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։