Մարտ 25-ին, Գորիսի համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեան՝ Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Սուրէն Քեսեջեանի հետ, հիւրընկալած է քաղաք ժամանած՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին, վերջինիս հետ քննարկելով երկկողմ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Գորիսի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսութիւն բանալու կարելիութեան, ինչպէս նաեւ ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան գալիք համաժողովին որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 2-3։
Դեսպանը ընդգծած է, թէ Գորիսը ֆրանսախօս քաղաք մըն է, որ կարեւոր հիմք կը հանդիսանայ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։