Հայաստան 108 միլիոն տոլար արժողութեամբ 5 նոր ջրամբար պիտի կառուցէ

2026-ին Հայաստան պիտի սկսի 108 միլիոն տոլար արժողութեամբ 5 նոր ջրամբարի կառուցումը։ Այս ազգային ծրագիրը կը նպատակադրէ ամրապնդել երկրին ջրային անվտանգութիւնը եւ ընդլայնել ոռոգման կարողութիւնները՝ ընդհանուր առմամբ 18 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր կուտակելով։ Ծրագրէն պիտի օգտուի 700.000 բնակիչ եւ 40 բնակավայր՝ Արմաւիրի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ։