Նոր համազգեստները պիտի ըլլան բարձր որակի, նոր տեսքով եւ միջազգային չափանիշներով՝ համեմուած ազգային խորհրդանիշերով
Հայկական բանակը շուտով պիտի ունենայ նոր համազգեստ, որ պիտի տարբերի թէ՛ իր որակով, թէ՛ տեսքով, թէ՛ չափանիշերով։ Այս մասին յայտնած է Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան։
“Մենք արդէն իսկ ունինք պատրաստի խմբաքանակ մը, որ ի մօտոյ պիտի ստանանք. խօսքը կը վերաբերի դաշտային համազգեստի այն առաջին խմբաքանակին, որ տուեալ ընկերութիւնը պարտաւորուած է մեզի մատակարարել, որպէսզի բանակը զայն զօրային փորձարկման ենթարկէ”,– ըսած է նախարարը։
Ան նաեւ աւելցուցած է. “Արդէն իսկ պատրաստ են ամէնօրեայ համազգեստի ու տօնական համազգեստի նմուշներն ալ”։
Փոփոխութիւնը պիտի ընդգրկէ բոլոր զինուորական աստիճանները՝ շարքայինէն մինչեւ զօրավար։
“Չափանիշերը արեւմտեան են, բայց համեմուած մեր հայրենական խորհրդանիշերով, նշաններով”,– ընդգծած է նախարար Պապիկեան։