«Հայկական կեղծ անձնագրերու յայտնաբերման մասին լուրերը ապատեղեկատւութիւն են»

Ինչպէս մենք ալ արձագանգեցինք, վերջին օրերուն տարածուեցաւ լուր մը, ըստ որուն ՎրաստանԹուրքիա սահմանային անցակէտին յայտնաբերուած էին քանի մը տասնեակ հազարի հասնող կեղծ անձնագրեր եւ փաստաթուղթեր, որոնք ի միջի այլոց եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի օգտագործուէին ընտրութիւններուն։ Ներքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Նարեկ Սարգսեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին հերքած է այդ տեղեկութիւնը։Մշտապէս կապի մէջ ենք Վրաստանի իրաւապահ գործընկերների հետ, որեւէ նման դէպք չի արձանագրուել։ Լուրը բացայայտ ապատեղեկատւութիւն է եւ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի”,ըսած է ան։