Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Հայկական մեղեդիները Լոնտոնի մէջ» համերգը

2025 Յու­նիս 14-ի երե­կոյեան, Լոն­տո­նի Սուրբ Պօ­ղոս եկե­ղեց­ւոյ մէջ կ՚ար­ձա­գան­գէին հայ դա­սական երաժշտու­թեան կեն­սունակ հնչիւննե­րը, երբ Քլին­կեն գոր­ծի­քային հա­մոյ­թը, մե­նակա­տար­ներն ու երգչա­խումբը կը ներ­կա­յացնէին հայ երաժշտա­կան ժա­ռան­գութեան գրա­ւիչ մե­ղեդի­ները: Մաէսթրօ Սի­փան Օլա­հի ղե­կավա­րու­թեամբ հա­մեր­գը միաւո­րեց հայ եւ մի­ջազ­գա­յին երա­ժիշտնե­րու տպա­ւորիչ խումբ մը՝ հրամցնե­լով հայ տաս­ներկու նշա­նաւոր եր­գա­հան­նե­րու գոր­ծե­րու եզա­կի մեկ­նա­բանու­թիւն մը:

Հա­մեր­գի յայ­տագրին կա­րեւոր դրուագ­նե­րը

Անի Բաղ­դա­սարեանի ող­ջոյնի խօս­քէն ետք ծայր առաւ հա­մեր­գը Արամ Խա­չատ­րեանի «Վար­դա­գոյն աղ­ջիկնե­րու պար»-ով՝ «Գա­յիանէ» պա­լէէն, զոր Սի­փան Օլահ գոր­ծի­քաւո­րած էր դաշ­նա­կի (չորս ձեռ­քով), լա­րային քա­ռեակի, բարձրաս­րինգի (hautbois) եւ սրին­գի հա­մար։ Քլին­կեն լա­րային քա­ռեակը (Փո­լինա Շա­րաֆեան, Ցիոն­կիւֆան Միաօ, Էլի­զապէթ Թո­պալտ, Էռ­լենտ Վեսթպի), Նի­քա Փին­թը­րի (սրինգ), Յա­կոբ Մու­րա­տեանի (բարձրաս­րինգ) եւ դաշ­նա­կահար­ներ Մա­րիա Փա­լազեանի եւ Սի­փան Օլա­հի հետ միաս­նա­բար վար­պե­տօրէն կա­տարե­ցին ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը։

Յա­ջոր­դիւ, Ար­տե­մի Այ­վա­զեանի «Արաքս գե­տը» հնչե­ցուց մեց­ցօ-սոփ­րա­նօ Հե­լեն Ռոթ­չել՝ դաշ­նա­կահար Մա­րիա Փա­լազեանի նուագակ­ցու­թեամբ։ 

Կի­թառա­հար Արի Տա­գէսեան ներ­կա­յացուց Առ­նօ Բա­բաջա­նեանի «Մե­ղեդի եւ հիւ­մո­րեսք» ստեղ­ծա­գոր­ծութիւնը, իր գոր­ծի­քաւո­րու­մով՝ իւ­րա­յատուկ շունչ հա­ղոր­դե­լով եր­կու բա­ժինով գոր­ծին։

Խա­չատ­րեանի «Ու­զունտա­րա»-ն՝ կով­կա­սեան ժո­ղովրդա­կան կշռոյթնե­րով կեան­քի կո­չեցին բարձրաս­րինգա­հար Յա­կոբ Մու­րա­տեան եւ դաշ­նա­կահար Մա­րիա Փա­լազեան։ 

Ար­թիւր Պո­պիկեան դաշ­նա­կով կա­տարեց իր եր­կու ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը՝ «Կանգնէ՛ կամ լռէ՛» եւ «Prelude No. 3», ժա­մանա­կակից շունչ հա­ղոր­դե­լով երե­կոյ­թին։

Կո­միտա­սի «Շու­շի­կին»,– զոր գոր­ծի­քաւո­րած է Արի Տա­գէսեան սրին­գի եւ կի­թառի հա­մար,– հնչե­ց ժո­ղովրդա­կան հմայ­քով՝ հա­ւատա­րիմ հայ­կա­կան գիւ­ղա­կան պա­րերու ոգիին։

Յատ­կանշա­կան էր Բա­բաջա­նեանի «Վո­քալիզ»-ը, զոր կա­տարե­ցին սոփ­րա­նօ Իզա­պել­լա Գա­րաօղ­լա­նեան, դաշ­նա­կահար Մա­րիա Փա­լազեան եւ Քլին­կեն լա­րային քա­ռեակը՝ մաէսթրօ Օլա­հի ղե­կավա­րու­թեամբ։

Արա­յիկ Գէոր­գեանի հե­ղինա­կած եւ Մա­րիա Փա­լազեանի կող­մէ գոր­ծի­քաւո­րուած «Երեւան 2800» ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը,– նուիրուած քա­ղաքի տա­րեդար­ձին,– կա­տարե­ցին դաշ­նա­կահար Մա­րիա Փա­լազեան եւ լա­րային քա­ռեակը՝ մաէսթրօ Օլա­հի ղե­կավա­րու­թեամբ։

Վա­ղար­շակ Քո­թոյեանի «Իմ Երեւանը» հայ­րե­նասի­րական շունչով մեկ­նա­բանե­ցին սոփ­րա­նօ Հա­յար­փի Եղի­կեան եւ Քլին­կեն հա­մոյ­թը։

Եդուարդ Բաղ­դա­սարեանի “Nocturne”-ը քնքշօ­րէն կա­տարե­ցին Փո­լինա Շա­րաֆեան եւ Ար­թիւր Պո­պիկեան՝ ներ­կա­յաց­նե­լով ստեղ­ծա­գոր­ծութեան քնա­րական փայ­լը։

Թե­նոր Սի­փան Օլահ հնչե­ցուց Կոնստան­դին Պետ­րո­սեանի «Հա­յաս­տան» յու­զիչ օրհներ­գը։

Խա­չատ­րեանի «Դի­մակա­հան­դէս» սուիթէն յայտնի «Վալ­սը», զոր գոր­ծի­քաւո­րած է Սի­փան Օլահ, ներ­կա­յացուեցաւ Քլին­կեն գոր­ծի­քային հա­մոյ­թի իւ­րա­յատուկ ելոյ­թով։

Եզ­րա­փակում

Հա­մեր­գի աւար­տին Քլին­կեն երգչա­խումբը կա­տարեց Էդ­գար Յով­հաննի­սեանի «Ար­փա-Սեւան», Լու­սի­կեանի «Նոր Հա­յաս­տան», Բա­բաջա­նեանի «Չքնաղ երազ» եր­գե­րը։ 

Հա­մեր­գը իր գա­գաթ­նա­կէտին հա­սաւ Շա­քարեանի ճա­զային ոճով գոր­ծի­քաւո­րուած «Հայ­կա­կան ժո­ղովրդա­կան եր­գե­ր»-ու շա­րանով,– վե­րա-

մ­շա­կուած մաէսթրօ Ս. Օլա­հի կող­մէ,– որ հա­մախմբեց հա­մեր­գի բո­լոր գոր­ծի­քային եւ ձայ­նա­յին մաս­նա­կից­նե­րը վեր­ջին՝ գլխա­ւոր ելոյ­թի շուրջ։ Աւար­տին հնչե­ցին բուռն ծա­փահա­րու­թիւններ։

Երե­կոյ­թը բացառիկ առիթ մը եղաւ մեծարելու հայ երաժշտա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Իլին­կի թա­ղապե­տու­թեան խորհրդա­կան Սիմա Քումար գո­վա­բա­նեց մաէսթրօ Սի­փան Օլա­հը՝ Լոն­տո­նի մէջ հայ երաժշտու­թեան եւ մշա­կոյ­թի տա­րած­ման աշ­խա­տան­քին իր ներդրու­մին հա­մար՝ անոր յանձնե­լով յա­տուկ մրցա­նակ եւ հա­ւաս­տա­գիր Իլին­կի թա­ղապետ Իվոն Ճոն­սո­նի կող­մէ։ 

Ձեռ­նարկին ներ­կայ էին Լոն­տո­նի տար­բեր թա­ղամա­սերու խորհրդա­կան­ներ, հայ­կա­կան շա­բաթօ­րեայ եւ կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու, «Զնա­նիէ» կրթա­րան­նե­րու եւ հիմ­նադրա­մի ներ­կա­յացու­ցիչներ, մշա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու նա­խագահ­ներ եւ ան­դամներ, ինչպէս նաեւ երաժշտա­սէր­ներ՝ Միացեալ Թա­գաւո­րու­թեան տարբեր համայնքներէն։

Թղթակցութիւն՝ «Քլինկեն» գործիքային համոյթի եւ երգչախումբի

(Արեւմտահայերէնի փոխադրում՝ «ՆՅ») ■