Գրեց՝ Ռոպէր ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ
2025 Մարտ 30-ին Գիւմրիի եւ Փարաքարի մասնակի ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը թեւակոխէ վստահութեան լուրջ ճգնաժամ մը։ Երեք երեւոյթներ ապացոյցն են քաղաքական կեանքի խոր ճգնաժամին: Նախ, մասնակցութեան տոկոսը ցած է, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ կառավարողներուն եւ կառավարուողներուն, կամ աւելի ճիշդ՝ քաղաքական ղեկավարներուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ անվստահութեան հարց մը կայ։ Ձեռնպահութեան բարձր տոկոսը միշտ ալ հասարակութեան վատառողջութեան ցուցիչ է, եւ մեծապէս հաւանական է, որ քաղաքականութեան նկատմամբ այս անվստահութեան միտումը շարունակուի, յատկապէս այն պատճառով, որ քաղաքական համակարգը,– եթէ համակարգ գոյութիւն ունի,– կը խրախուսէ մարդոց անտարբերութիւնն ու ծուլութիւնը։ Յետոյ, զարմանալի է, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան ոչ մէկ ուժ՝ ո՛չ «Հայաստան» դաշինքը, ո՛չ «Պատիւ ունեմ» կուսակցութիւնը, ո՛չ ալ ՀՅԴ-ն ներկայացած է ընտրողներուն։ Այս «ուժերը», գիտակցելով որ այլեւս լսելի չեն հասարակութեան կողմէ, պէտք է դասեր քաղեն, եթէ անոնք ունին այդ քաջութիւնը։ Վերջապէս, այս ընտրութիւններուն երրորդ կարեւոր յատկանիշը վարչապետին ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան ստացած ձայներու տոկոսն է՝ 36%, ինչ որ իրեն կը թոյլատրէ առաջին տեղը գրաւել, սակայն անբաւարար է քաղաքը առանձին կառավարելու համար։ Սա ցոյց կու տայ ՔՊ-ի ժողովրդականութեան անկումը. ան կը զիջի իր տեղը «փողկապի ռազմավարութեան»՝ վերադարձող հին հետեւորդներուն, իրենց ստորին մեքենայութիւններով հանդերձ՝ կաշառակերութիւն, զանգիտում (intimi-dation), հատուածականութիւն (sectarisme)։
Անհրաժեշտ է գլխաւոր առաջնահերթութիւնները բացայայտել, եւ այս վերջինը կրնայ միայն «Հայաստան տուն»-ի կառուցումը ըլլալ ներսէն, կամ նուազ պատկերաւոր կերպով՝ ինքնիշխան հայկական պետութեան կառուցումը։ Ահա միակ կէտը, որ պէտք է գտնուի հայ ժողովուրդի օրակարգին վրայ։ Մնացեալ ամէն ինչ երկրորդական է։ Առաջնահերթութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցիին վերապահուած ճակատագիրը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Երեւանի իշխանութիւններու փոփոխութիւնը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Մինսքի խումբին կամ Արցախի հարցին վերապահուած ճակատագիրը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Ռուսաստանի կամ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Ազերպայճանի դէմ պատիժները չեն։ Առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնը, կրկին անգամ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերակառուցումն է ներսէն՝ աշխատանքային մշակոյթը եւ քաղաքական մշակոյթը փոխելով։ Վերը նշուած բոլոր կէտերու լուծումները կը բխին Հայաստան տան կամ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին վերակառուցումէն։ Նոր Սահմանադրութիւն մը հրատապ է՝ իսկական հայկական քաղաքական համակարգ ստեղծելու համար եւ ոչ թէ «ձեւով մը գոյատեւել»-ու՝ 1991-էն ի վեր քաշկռտուող յետխորհրդային ահաւոր համակարգով։ Սահմանադրութեան բարեփոխումը անհրաժեշտ է ստեղծելու համար նոր հաստատութիւններ, որոնք թոյլ կու տան պետութեան եւ վարչակազմին միջեւ տարբերակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ վստահիլ տեսանելի, անկաշառելի եւ արդիւնաւէտ վարչակազմի մը. կրթութեան, անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման բնագաւառներուն մէջ իսկական յաւակնոտ քաղաքականութիւն մը կենսական է հայկական շուկան վերականգնելու եւ զայն գրաւիչ դարձնելու, բայց նաեւ հասարակական եւ մշակութային կեանքը ամրապնդելու համար՝ ժողովուրդին առօրեան բարելաւելու եւ անոր արտագաղթին առաջքը առնելու նպատակով։ Խաղաղութիւնը կրնայ միայն անցնիլ պետական կառոյցներու ամրապնդումէն, որպէսզի ամբողջ ազգային հասարակական համակարգը սնուցուի։ Բայց Հայաստան տունը կը վառի, իսկ հայերը տակաւին ուրիշ ուղղութեամբ կը նային։ Դեռ ժամանակ կայ կրակը մարելու, եթէ բոլոր հայ գործիչները սոթտեն իրենց թեւերը եւ պետութեան կառուցումը դարձնեն պայքարներու կարեւորագոյնը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ 7 տարի առաջ յեղափոխութիւն խոստացած էր պետական ծառայութեան մէջ, 2025 Ապրիլին խոստովանեցաւ, որ երկրի բոլոր ոլորտներուն մէջ բարձրաստիճան պաշտօնէութեան՝ քատրային տագնապ կայ։ Նախարարներու խորհուրդի վերջերս կայացած նիստի մը ընթացքին վարչապետը յայտարարեց, որ նախորդ օր քննարկում մը ունեցած է իր իսկ հռչակած իրական Հայաստանի գաղափարին շուրջ։ Այդ քննարկման մասնակիցները եզրակացուցած են, որ պետութեան յաջող ընթացքին անհրաժեշտ դերակատարներու 95 տոկոսը լաւ եւ հասու չէ. եւ նոյն վիճակը կը տիրէ միւս բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս արհեստներու (ջրմուղագործներ, դերձակներ), բայց նաեւ եւ յատկապէս պետական ծառայութեանց մէջ (ուսուցիչներ, պետական եւ համայնքներու պաշտօնեաներ)։
– Ենթադրենք,– յայտարարած էր ան 2018-ին,– որ վիճակը նոյնն է ամէնուր, ներառեալ կառավարման մէջ։ Եթէ կարելի է նոյն ձեւով ինքնաշարժ վարել, ինչո՞ւ չի կրնար մէկը նոյն ձեւով կառավարութեան անդամ կամ պետական պաշտօնեայ ըլլալ։ Մենք պէտք է ընդունինք,–աւելցուցած էր ան,– որ եօթը տարի յետոյ, մարդիկ առտուընէ իրիկուն պիտի ըսեն, որ այս կառավարութիւնը անյարմար քատրային քաղաքականութիւն կը վարէ։ Սակայն, պէտք է ընդունիլ՝ այո՛, կառավարութիւնը անյարմար քատրային քաղաքականութիւն կը վարէ, քանի որ երկիրը կը դիմագրաւէ քատրային ճգնաժամ, մարդկային պաշարի ճգնաժամ։
Այս յայտարարութիւններէն գրեթէ եօթը տարի յետոյ, կառավարութեան ղեկավարը կը հաստատէ, որ գոյութիւն ունի լաւ քատրերու փոքր խումբ մը, սակայն պետական ծառայութեան պաշտօնները զանոնք չեն հրապուրեր։
Կառավարութեան ղեկավարը այս համոզումին հասաւ նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին Կրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ներկայացուցած արդիւնքներէն յետոյ, ըստ որոնց Հայաստանի մէջ 437 դպրոցներ փորձած են տնօրէններ նշանակել վերջին երկու տարիներու ընթացքին ընդունուած նոր չափանիշերուն համաձայն, սակայն միայն 30 տոկոսը յաջողած է։ Թեկնածուներուն միայն 13 տոկոսը ներկայացուցած են զարգացման համոզիչ ծրագրեր։
Յայտնի չէ, թէ ի վերջոյ գործադիր իշխանութեան ղեկավարին՝ քատրային ճգնաժամի մասին այս սուր քննադատութիւնը որո՞ւն ուղղուած էր, սակայն ան նշեց, թէ ըստ իրեն՝ որոնք են պատճառները.- բնակավայրերու աւելի քան 70 տոկոսը մանկապարտէզ չունի, եւ դպրոցներու աւելի քան 70 տոկոսը կիսաքանդ է, թէ՛ քաղաքաշինութեան, թէ՛ բովանդակութեան առումով։
Երկրին յաջողութեամբ վերակառուցման համար ժողովուրդին օգնելու ճամբան կ՚անցնի կրթական լաւագոյն ծրագրերէն, որոնք կրնան յառաջխաղացք բերել թէ՛ մեծ, թէ՛ փոքր քաղաքներուն եւ գիւղերուն։ Ան կ՚անցնի նաեւ նոր արհեստագիտութիւններու, քաղաքական փիլիսոփայութեան, մարդկային գիտութիւններու (ընկերաբանութիւն, ազգագրութիւն, պատմութիւն, մարդաբանութիւն), քաղաքական գիտութեան, վարչական գիտութիւններու (պետական ծառայութիւն, համայնքներ), ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական բնագաւառներու մէջ պատշաճ ուսուցումէն։ Զարգացման այս օգնութիւնը պէտք է նպատակադրէ հաստատել արդիւնաւէտ ենթակառոյցներ եւ արդէն գոյութիւն ունեցողները՝ արդիականացնել (օր.՝ ելեկտրականութեան համակարգեր, ջուրի արեգակնային ուժանիւթով ջեռուցման համակարգեր՝ տուներու եւ գիւղատնտեսական կառոյցներու տանիքներուն վրայ եւ այլն)։ Նման ծրագրեր թոյլ պիտի տան Հայաստանի բնակիչներուն տիրապետել իրենց մասնագիտութիւններուն եւ ապահովել անոնց սեփական ապագան։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրին մեր ծնողները Ցեղասպանութենէն ետք, իրենց աքսորի վայրերուն մէջ մէկդի դնելով գաղթականի կարգավիճակն ու համարկուելով արեւմտեան հասարակութիւններուն մէջ, որոնք օժտուած էին նիւթական այդ յարմարութիւններով. ուրեմն սփիւռք հաստատուած հայուն կը մնայ այդ ճիգը ընել բոլորին բարօրութեան համար։ Մեր ծնողներուն եւ մեծ հայրերուն ժամանակ, այս գաղթականական ճամբարները տեւեցին մինչեւ 1965 թուականը, միեւնոյն ժամանակ կազմելով մեր պատմութեան մէկ մասը, մինչ այդ նախկին գաղթականները իրենց զաւակները կ՚ուղարկէին արեւմտեան դպրոցներ կամ համալսարաններ՝ սորվելու։ Անոնք դարձան հմուտ մասնագէտներ եւ լաւ քաղաքացիներ։ Ուրեմն, լուծումը հասանելի է։
1991-ին «երկաթէ վարագոյր»-ի անհետացումէն յետոյ, օտարերկրեայ հաստատութիւններու ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նպաստեց բազմաթիւ ճարտարագէտներու, գիտնականներու եւ ղեկավար պաշտօններ վարողներու զարգացման. բայց անոնցմէ շատերը գտան իրենք զիրենք իբրեւ արտագաղթողներ։ Անհրաժեշտ է, որ անոնք վերադառնան երկիր, հարստացած՝ իրենց փորձառութիւններով, արժէքաւոր կապերով եւ ցանցերով, զորս ձեռք բերած են արտասահմանի մէջ։ Սփիւռքի հայ մասնագէտները նոյնպէս շատ բան ունին տալու այս բնագաւառին մէջ։ Տեղացի բնակչութիւնը լսել ու յարգել սորվելէ յետոյ, անոնք պէտք է յարմարին տեղական պայմաններուն եւ բաժնեն իրենց գործնական հմտութիւնները։
Փոփոխութիւնը այն ամենադժուար պայմաններէն մէկն է, որուն մարդ պէտք է համակերպի, եթէ կ՚ուզէ յառաջդիմել։ Առանց փոփոխութեան,– որ նաեւ կը ներառէ վտանգներ,– ո՛չ յառաջդիմութիւն կայ, ո՛չ ալ յաջողութիւն։ Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ տարբերութիւններէն մէկը այն է,– հայերու բերնին մէջ յաճախ կրկնուող համեմատութիւն մը,– որ առաջինը ճամբայ ելած է խորապէս արմատացած խորհրդային մշակոյթէն եւ փորձառութիւններէն, մինչդեռ երկրորդը իր առջեւ ունէր մաքուր թուղթ մը՝ լեցնելու համար։
Սա կը նշանակէ՞, որ հին ժամանակներուն մենք բարձր որակի քատրեր չունէինք։ Այս երկիրը ծնունդ տուած է համաշխարհային հռչակի գիտնականներու, ինչպէս Վիկտոր Համբարձումեանը՝ Բիւրականի աստղադիտարանի մէջ զարգացած աստղաֆիզիքական տեսութիւններու հիմնադիրներէն մէկը։ Գիտութիւններու հանճարը կը խրախուսուէր, կարգապահութիւնը կը պարտադրուէր, սակայն կը պակսէր խօսելու, մտածելու եւ ձեռնարկելու ազատութիւնը։ Միակ կուսակցութեան մը մէջ մեկուսացումը ցոյց տուաւ, որ արդիւնաւէտ չէ։ Խորհրդայիններու եւ ամերիկացիներու միջեւ զինուելու մրցավազքը կործանեց գոյութիւն ունեցող համակարգը, որ գէշ նախագծուած էր, այնքա՜ն ակնյայտ էին անոր կառուցային թերութիւնները։
Սակայն օգտակար չէ անցեալին ապաստանիլը։ Ճի՛շդ է, անջնջելի ու անփոփոխելի է անցեալը, բայց ան կրնայ վնասակար չափանիշ դառնալ մա՛նաւանդ երբ գէշ գործածուի։ Յամենայն դէպս, հրատապը ա՛յսօրն է, որովհետեւ ներկայի ժամանակը դժուար է, ան կ՚արագացնէ անորոշութիւնն ու անձկութիւնը։ Ուստի, մենք պարտաւոր ենք մեր առաջնահերթութիւնները ընտրելու,– որովհետեւ ընտրել կը նշանակէ նաեւ հրաժարիլ,– եւ բոլորս միասին աշխատելու վերակառուցելու համար աւելի քան 3000-ամեայ պատմութեան ժառանգորդ ազգի մը այս երիտասարդ պետութեան հիմնական տարրերը, անգամ մը եւս ապացուցելու համար, որ հայերը ամէն բանէ առաջ կառուցողներ են, քանի որ այսօր հարկ է վերակառուցել մեր հասարակաց հարստութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անոր մինչեւ ամենայետին անկիւնները։
Ռ.Ա.
Փարիզ, 9 Ապրիլ 2025
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։