Ըստ գործարարական աշխարհի առաջնակարգ լրասփիւռը համարուող CNBC-ի՝ ամերիկահայ Ճէյք Լուսարարեանի համահիմնադրած Gecko Robotics ընկերութիւնը առցանց ընկերութիւններու մեծամեծերու՝ licorne-ներու ակումբը մուտք գործած է՝ շուրջ 125 միլիոն տոլարի նոր ներդրում ապահովելէ ետք՝ անոր արժէքին 1,25 միլիառ տոլար գնահատումով։
2013-ին համալսարանական սենեակի մը մէջ հիմնադրուած Gecko ընկերութիւնը արհեստական բանականութեամբ սնուցուող ռոպոթներ կը զարգացնէ, որոնք կը գործածուին պաշտպանութեան, ուժանիւթի եւ արտադրութեան բնագաւառներուն մէջ՝ կարեւոր ենթակառոյցները զննելու ու վերահսկելու համար՝ զինուորական օդանաւերէ մինչեւ ելեկտրակայաններ։ ԱՄՆ-ու Փիթսպուրկ քաղաքը (Փենսիլվանիոյ նահանգ) գտնուող ընկերութիւնը ներկայիս ընդամէնը 347 միլիոն տոլար ներդրում ձեռք ձգած է, Cox Enterprises, Founders Fund, Y Combinator եւ այլ ներդրողներու աջակցութեամբ։
Gecko-ի ռոպոթները կը մագլցին, կը սողան եւ կամ կը թռչին տուեալներ հաւաքելու համար, որոնք այնուհետեւ կը վերլուծուին Cantilever արհեստական բանականութեան հարթակին միջոցաւ՝ նպաստելով տուեալ կառոյցի մը արդիւնաւէտութեան ու անվտանգութեան բարելաւման։ Gecko ընկերութիւնը, որ երկու անգամ յաջողած է մաս կազմել CNBC-ի «Disruptor 50», այլ խօսքով լաւագոյն 50-ի ցանկին, կը համագործակցի մեծ գործընկերներու հետ, ինչպէս՝ ԱՄՆ-ու Ծովուժը, ADNOC-ը եւ NAES-ը, եւ դեռ ալ կը շարունակէ զարգանալ ու հետզհետէ ծանօթ դառնալ հանրութեան մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։