Նոյեմբեր 2-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գահակալութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով, Սուրբ պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Ընդունուած կարգին համաձայն՝ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս բերուած էր նաեւ Սկեւռայի սուրբ մասանց պահարանը։
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ ուխտաւոր հայորդիներ։
Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի միաբան Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաճարեանը։
Պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց Հայոց հովուապետը՝ օծման ու գահակալութեան տարեդարձին առթիւ եւ անդրադարձաւ Վեհափառին հոգեւոր, մշակութային, կրթական ու եկեղեցաշէն գործունէութեան եւ մեծաթիւ ձեռքբերումներուն՝ մաղթելով անսասան հովուապետութիւն՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, ի մխիթարութիւն բարեպաշտ ժողովուրդին եւ ի զօրացումն հայրենիքի։
Այնուհետեւ Ամենայն հայոց հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի։
Ներկաները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Ամենայն հայոց հայրապետութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան ու պայծառութեան, ինչպէս նաեւ Նորին սրբութեան քաջառողջութեան, կենաց արեւշատութեան եւ բազմամեայ գահակալութեան համար։