«Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը շարունակէ խոր մտահոգութեամբ հետեւիլ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն ներս եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, որոնք վստահաբար կը յուզեն իւրաքանչիւր հայու հոգին, անկախ դաւանական պատկանելիութենէն։
Աներկբայ է, որ ներկայ ճգնաժամին գլխաւոր դրդապատճառը քաղաքական է եւ սկիզբ առաւ այն պահէն, երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը միացաւ վարչապետի հրաժարականի պահանջին։ Աւելին, ընդդիմութեան նախաձեռնած իշխանափոխութեան քանի մը ձախող փորձերէն ետք, Մայր Աթոռի որոշ բարձրաստիճան կղերականներ փաստօրէն յանձն առին այդ գործընթացին առաջնորդութիւնը, այդպէսով Եկեղեցին ներքաշելով քաղաքական պայքարի յորձանուտին մէջ։ Անշուշտ, անոնք նման քայլի մը չէին կրնար դիմել առանց Էջմիածնի գահակալին անմիջական համաձայնութեան եւ օրհնութեան։
Այդ ընթացքին, Մայր Աթոռի շարք մը հոգեւորականներու մասին սկսան ի յայտ գալ զանազան բացայայտումներ եւ խախտումներ, որոնք առ այսօր չեն արժանացած Մայր Աթոռի յստակ եւ համոզիչ հաստատումին, հերքումին կամ պատշաճ տնօրինութեան։ Այս բոլորը մեզ կը մղեն մտածելու, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի վարչական համակարգէն ներս կը տիրէ նախորդ իշխանութիւններու գործելաոճին համահունչ իրողութիւն, ուր բացակայ է թափանցիկ հաշուետւութիւնը եւ առկայ են օրէնքներու շրջանցումն ու անձնական նախասիրութիւններու կիրարկումը։
Հայ առաքելական եկեղեցին ազգային կառոյց է եւ որպէս մեր ազգին հոգեւոր պատկերը, ընդունելի չէ, որ անոր երկնակամարը ծածկուած ըլլայ կասկածի ու առեղծուածի սեւ ամպերով։ Մենք տասնամեակներ շարունակ պայքարած ենք Մայր Աթոռի գերակայութիւնը պաշտպանելու համար եւ մեզի համար մեծ ցաւ է տեսնել Եկեղեցւոյ շուրջ տեղի ունեցող այս տհաճ զարգացումները։
Ս. Էջմիածնի հոգեւոր-վարչական կառոյցը արմատական վերանայման կարիքը ունի եւ այդ առումով մենք կ՚ողջունենք տիրող իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով խումբ մը եպիսկոպոսներու կողմէ վերջերս հրապարակուած յայտարարութիւնը եւ կը միանանք կաթողիկոսին ուղղուած անոնց յորդորին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինքնամաքրման եւ վերանորոգման հրամայականին առջեւ է այսօր։
Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
2025 Դեկտեմբեր 9»