«Մենք՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներքոստորագրեալ արքեպիսկոպոսներս եւ եպիսկոպոսներս, որդիական մեր անվերապահ հաւատարմութիւնը կը յայտնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ անոր ազգընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին։
Անընդունելի եւ վտանգաւոր կը համարենք ներեկեղեցական հարցերը քաղաքական միջամտութեամբ լուծելու որեւէ փորձ՝ ինչպիսի պատճառաբանութեամբ ալ պայմանաւորուած ըլլայ։ Եկեղեցւոյ կառավարման եւ ներքին կեանքին առնչուող բոլոր խնդիրները անխտիր կարգաւորելի են եղբայրական սիրով, առաքելագործ եպիսկոպոսներուն վայել բարձր գիտակցութեամբ, եկեղեցական-ժողովական իրաւասու մարմիններու միջոցով՝ համաձայն մեր Սուրբ եկեղեցւոյ գործող կանոնական ընթացակարգերուն։
Անհանդուրժելի եւ դատապարտելի կը նկատենք Պատարագի սրբազան արարողութեան ընթացքին Ամենայն հայոց հայրապետի անուան յիշատակման կամայական զանցումը՝ որպէս ծիսականոնական կոպտագոյն խախտում, որ եկեղեցաբանութեան տեսանկիւնէն պառակտման տարրեր կը պարունակէ։
Վստահ ենք, որ մեր Սուրբ եկեղեցւոյ միասնութիւնն ու խաղաղութիւնը վեր են անձնական, խմբային կամ այլ շահերէ եւ պիտի ամրապնդուին սիրոյ հաղորդութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան ճանապարհով՝ առաքելական յորդորով հաստատելի, թէ՝ «Կը խնդրեմ ձեզմէ, եղբայրնե՛ր, հեռո՛ւ մնացէք անոնցմէ, որոնք պառակտում եւ գայթակղութիւն յառաջ կը բերեն՝ հակառակ այն վարդապետութեան, զոր դուք սորվեցաք։ Հեռո՛ւ մնացէք անոնցմէ» (Հռոմ. ԺԶ. 17)։
Համոզուած ենք, որ մեր եպիսկոպոսաց համախմբուած ջանքերով արդիւնաւէտ լուծումներ պիտի գտնենք ի շահ մեր Սուրբ եկեղեցւոյ։
Խաժակ արք․ Պարսամեան, Նաթան արք․ Յովհաննիսեան, Յակոբ արք․ Գլնճեան, Եզրաս արք․ Ներսիսեան, Վիգէն արք․ Այքազեան, Հայկազուն արք․ Նաճարեան, Միքայէլ արք․ Աջապահեան, Բագրատ արք․ Գալստանեան, Արշակ արք․ Խաչատրեան, Վահան եպիսկ․ Յովհաննիսեան, Յովակիմ եպիսկ․ Մանուկեան, Տաթեւ եպիսկ․ Յակոբեան, Արարատ եպիսկ․ Գալթագճեան, Մկրտիչ եպիսկ․ Պռոշեան, Աբգար եպիսկ․ Յովակիմեան, Մարկոս եպիսկ․ Յովհաննիսեան, Մուշեղ եպիսկ․ Բաբայեան, Նարեկ եպիսկ․ Պէրպէրեան, Յովնան եպիսկ․ Յակոբեան, Դանիէլ եպիսկ․ Ֆընտըգեան, Տիրան եպիսկ․ Պետրոսեան, Մեսրոպ եպիսկ․ Պարսամեան, Օշական եպիսկ․ Կիւլկիւլեան, Առէն եպիսկ․ Շահինեան, Գրիգոր եպիսկ․ Խաչատրեան, Կիրակոս եպիսկ․ Դաւթեան, Մակար եպիսկ․ Յակոբեան»։
***
Նշենք, թէ վերոնշեալներու թիւը կը կազմէ 27, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նուիրապետութեան ենթակայ ընդհանուր 56 արքիպիսկոսներու եւ եպիսկոպոսներու մէջ։