Կասկածէ վեր է, որ Արցախի միջանցքի խափանումը Ալիեւի ոխերիմ հայատեաց վերաբերումին արտայայտութիւնն է։ Այս միջոցին Արցախն էր, անկէ առաջ Հայաստանը, անկէ առաջ 2020-ի պատերազմին ընթացքին բոլոր պատերազմական յանցագործութիւնները, ռազմագերիներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերումը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գործողութիւնները։ Միջազգային հասարակութեան համար յստակ է, մա՛նաւանդ 2020-ին Հայաստանի պարտութենէն ի վեր, որ կայ յարձակող եւ կայ տուժող։ Սեպտեմբեր 13-ի յարձակումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ աւելի բացայայտ դարձուց իրողութիւն մը, որ բոլորը գիտէին։ Ազերպայճանի գործած ոճիրներու առկայութիւնը առարկութիւն չի յարուցեր։ Միջազգային քաղաքական դասն ալ արտայայտուած է, դատապարտած է։ Էհ, յետոյ ի՞նչ։ Ալիեւ նորէն կը շարունակէ, անպատիժ, իր խժդժութիւնները, իր յարձակումները։
Պարտուած երկրի մը վրայ այսքան յարձակում գործել, ինքնին յանցագործութիւն է, եւ աւելի՛ մեծ յանցագործութիւն է, այս պարագային, գերտէրութիւններու՝ անկարին օգնութեան չփութալը։ Ալիեւը կանգնեցնող չկայ։ Քաղաքակիրթ արեւմտեան աշխարհին վրայ յոյս դնողները թող բանան իրենց աչքերը. Արեւմուտքէն յոյս չկայ։ Աշխարհը կը խոնարհի Ալիեւին առջեւ։ Հարց տանք թէ ինչո՞ւ։ Պատասխանը՝ քարիւղ ունի, կազ ունի։
Սակայն այս պատասխանը գոհացուցիչ չէ։ Եւրոպական Միութիւնը, ըսենք, կաշկանդուած է, գերի է Ազերպէյճանի կազին ու քարիւղին։ Հապա ի՞նչ ըսել ԱՄՆ-ու պարագային, որ աշխարհի հզօրագոյն ուժն է, եւ Ազերպայճանի ո՛չ կազէն, եւ ո՛չ ալ քարիւղէն կախեալ է անոր տնտեսութիւնը։ Ինչո՞ւ պատիժներ չի կիրարկեր, չի սպառնար։ Կը ձգէ, որ Ալիեւ վերստին յարձակի, անմարդկային իր գործողութիւնները շարունակէ։ Ուրեմն, միայն կազն ու քարիւղը չեն խնդիրը, ուրիշ խնդիր ալ կայ։ Խնդրին մէջ թաքնուած ուրիշ խնդիր կայ։ Եւ եթէ պատիժ չկայ, ուրեմն ընդհակառակն՝ քաջալերանք կայ, որ Ալիեւ շարունակէ իր հրէշային վարքը։ Եւ ինչո՞ւ։
Լաչինի միջանցքը Հայաստանը կը կապէ Արցախին եւ եթէ այդ կապը խզուի, Արցախը ամբողջովին կը մեկուսանայ, կը կղզիանայ եւ կ՚ենթարկուի կա՛մ ամբողջական տեղահանութեան, կա՛մ ալ անոր բնակչութիւնը կը բնաջնջուի ձեռամբ Ալիեւի։ Երկու պարագային ալ Արցախի ոչնչացումը անխուսափելի է։ Եթէ Արցախ ոչնչանայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը ռուս խաղաղապահ ուժերուն։ Պարզ է, պիտի դառնան անպէտ եւ տարածքը լքեն։
Ահաւասիկ պարզ ու տրամաբանական պատասխան մը։ Արցախը զոհել ռուս խաղաղապահ ուժը դուրս բերելու համար Արցախէն։ Եւ ԱՄՆ-ն ու ԵՄ-ը հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան մէջ Ազերպայճանի կողմնակիցն են, զայն կը գործածեն իբր զէնք՝ Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասէն հեռացնելու համար։ Իսկ Արցախը՝ իբր կեր։ Հայաստան ու Արցախ զոհն են Արեւմուտք-Ռուսաստան հակամարտութեան։ Արցախէն ետք կարգը պիտի գայ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական զօրաբաժնին։ Եւ հաւանաբար անկէ ետք ալ՝ Իրանին, որ այս օրերուն շատ բուռն ներքին ըմբոստութիւններու ենթակայ է։
Ժ.Չ. ■