Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հարցազրոյց՝ Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի հետ – «Լաւագոյն հայը երջանիկ հայն է» 

Հարցազրոյց՝լեզուաբան, դոկտոր, փրոֆեսէօր, Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանի՝ Ինալքոյի հայագիտական ամպիոնի վարիչ Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի հետ

Ինալքո­յի հայ­կա­կան բա­ժան­մունքի տնօ­րէնու­թե­նէն՝ փրոֆ. Մա­հէի հե­ռանա­լէն ետք 1987-ին, Անա­հիտ Տօ­նապե­տեան-Տե­մոփու­լոս պաշ­տօ­նի կո­չուե­լով, 34 տա­րինե­րու եր­կայնքին տնօ­րինեց այդ բա­ժան­մունքը մեծ ձեռքբե­րումներ ար­ձա­նագ­րե­լով։ Ֆրան­սա­յի, յատ­կա­պէս Փա­րիզի շրջա­նի հա­մար Ինալ­քո­յի գո­յու­թիւնը մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան մեծ նպաստ մըն է, որ կը վա­յելէ կա­ռավա­րու­մը եւ տնտե­սական հո­գածու­թիւնը Ֆրան­սա­յի կրթա­կան նա­խարա­րու­թեան։ Ան մաս կը կազ­մէ հա­յագի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ցան­ցին։ 

Սփիւռքի մէջ, Հա­յագի­տու­թեան հա­մալ­սա­րանա­կան ամ­պիոն­նե­րը, ընդհան­րա­պէս հիմ­նա­կան կռուան­ներն են հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ինքնու­թեան յայտնա­բերու­մի եւ հայ­կա­կան ուսմանց հե­տազօ­տու­թեան։ Որո՞նք են անոր ժա­մանա­կակից մար­տահրա­ւէր­նե­րը, որո՞նք են Սփիւռքի մէջ հա­յագի­տու­թեան մաս­նա­ւոր պա­հանջնե­րը, ինչպէ՞ս զա­նոնք բա­ւարա­րել։ Մաս­նա­ւորա­պէս հա­մացան­ցը, ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը նոր մար­տահրա­ւէր­ներ կը ստեղ­ծեն հա­յերէ­նին, մաս­նա­ւորա­պէս արեւմտա­հայե­րէնին, որ զուրկ է պե­տական լե­զուի կար­գա­վիճա­կէ։ 

Հա­յաս­տա­նի հա­յագի­տական կեդ­րոննե­րու հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը եւս կա­րեւոր են, տուն կու տան նոր հարցադրումներու եւ կը բանան հետազօտութեան նոր հեռանկարներ։

***

«Նոր Յա­ռաջ» – Ձեր անու­նը ծա­նօթ է թէ՛ սփիւռքեան, եւ թէ՛ հա­յաս­տա­նեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս, բայց կը պատ­մէ՞ք Ձեր մա­սին՝ ո՞վ է Անա­հիտ Տօ­նապե­տեան-Տե­մոփու­լո­սը եւ ակ­նարկ մը կու տա՞ք Ձեր կա­ճառա­կան կեան­քէն իբ­րեւ ու­սա­նող եւ 34 տա­րինե­րէ աւե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող դա­սախօս։

Անա­հիտ Տօ­նապե­տեան – Ես հա­յախօս եմ ի ծնէ, այ­սինքն երկլե­զու ըն­տա­նիքի մէջ մեծ­ցած եմ՝ երեք սե­րունդով տան մէջ: Այնպէս որ մե­ծերուն հետ շփու­մը շատ օգ­տա­կար եղաւ հա­յերէ­նի փո­խան­ցումին հա­մար մեր ըն­տա­նիքէն ներս, բայց իմ ակա­դեմա­կան մաս­նա­գիտու­թիւնս եղած է ռու­սե­րէնը: Ընտրած եմ ռու­սե­րէն լե­զուն, որուն հետ ըն­տա­նիքս կապ չու­նէր, խօ­սող չկար, պար­զա­պէս հե­տաքրքրու­թիւն մըն էր, որ զիս մղեց այս լե­զուն ընտրե­լու՝ նախ լի­սէի ժա­մանակ, ապա որ­պէս գլխա­ւոր մաս­նա­գիտու­թիւն՝ Սոր­պո­նի մէջ: 

Երբ Փա­րիզ հա­սայ Սոր­պոն ու­սա­նելու հա­մար ռու­սե­րէնով, որո­շեցի զու­գա­հեռա­բար զար­գացնել հա­յերէնս, հե­տեւե­լով Ինալ­քո­յի հա­յերէն բաժ­նի դա­սերուն: Ու­սումս աւար­տե­լէ ետք սկսայ ռու­սե­րէն դա­սաւան­դել Ֆրան­սա­յի եր­կու տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ: Ժա­մանա­կը եկաւ դոկ­տո­րակա­նի մա­սին մտա­ծելու, եւ հոն հար­ցը ծա­գեցաւ, թէ ար­դեօք պէտք է հա­յերէ­նո՞վ զբա­ղիմ ար­դէն: Եւ այս եղաւ ընտրու­թիւնս, մա՛նա­ւանդ որ արեւմտա­հայե­րէնի մէջ զիս կը հե­տաքրքրէին ան­պա­տաս­խան մնա­ցած քա­նի մը քե­րակա­նական խնդիր­ներ: Որո­շիչ յօ­դի գոր­ծա­ծու­թեան օրի­նաչա­փու­թիւննե­րը շատ մը պա­րագա­ներու բա­ւական պղտոր էին ին­ծի հա­մար, եւ աւար­տա­ճառիս նիւթն ալ այս եղաւ:

Աւար­տա­ճառս պաշտպա­նելէ կարճ ժա­մանակ ետք Ինալ­քո­յի հա­յագի­տական բաժ­նի վա­րիչը՝ Ժան-Փիէր Մա­հէ, որ նաեւ իմ դա­սախօ­սը եղած էր, կո­չուե­ցաւ ու­րիշ պաշ­տօ­նի այլ հաս­տա­տու­թե­նէ ներս, եւ փրոֆ. Մա­հէ իր ու­սա­նող­նե­րէն քա­նի մը հո­գի մղեց դի­մում ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար: Բախ­տը ու­նե­ցայ ըն­դունուելու այս պաշ­տօ­նին: 

Ինչպէս որ յի­շեցու­ցիք 34 տա­րի առաջ էր: Երբ ստանձնե­ցի այս ամ­պիոնի վա­րիչի պաշ­տօ­նը, պա­տաս­խա­նատ­ւութեանս տակ գտնուեցան տա­րիքով եւ փոր­ձա­ռու­թեամբ ինձմէ մեծ դա­սախօս­ներ: Քա­նի մը տա­րի ետք, Ինալ­քօն որո­շեց ամ­բողջու­թեամբ անցնիլ Պո­լոնիայի հա­մակար­գին, այ­սինքն նոր չա­փանի­շերով ստեղ­ծել լիակա­տար պա­քալօ­րէայի եւ մա­գիստրո­սի ծրա­գիր: Այս փո­փոխու­թիւնը են­թադրեց հսկա­յական կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տանք, բայց նաեւ պա­հաջեց նոր տես­լա­կան մը մշա­կել այս ծրագ­րին հա­մար: Ինչպի­սի՞ գի­տակար­գեր պէտք էին: Փրոֆ. Մա­հէ ար­դէն իսկ բա­ւական ընդլայ­նած էր անոնց շար­քը, ես նաեւ աւել­ցուցի ման­կա­վար­ժա­կան հար­ցե­րը, որով­հե­տեւ դպրոց­նե­րու մաս­նա­գէտ ու­սուցիչ­նե­րու պա­հանջքին դի­մաց կը տես­նէի, որ հոս պա­կաս մը կայ: Մեր ու­սա­նող­նե­րու քա­նակը եր­բեք շատ մեծ չէ եղած, սո­վորա­բար բո­լորը միասին մին­չեւ 2020 քիչ թէ շատ 50 հո­գի էին: Ու­նէինք երէց եւ երի­տասարդ ու­սա­նող­ներ: Պո­լոնիայի հա­մակար­գին անցնե­լով երի­տասար­նե­րը շատ­ցան: Երբ մի­ջազ­գա­յին առ­ցանց ծրագ­րե­րը ար­ձա­կեցինք, այս քա­նակը հա­սաւ մին­չեւ 90 ու­սա­նողի: 

Շա­հէն Ջրպե­տեանէն ի վեր, որ Նա­փոլէոնի օրով կո­չուած էր դա­սաւան­դե­լու Ինալ­քո­յէն ներս, եղայ առա­ջին հա­յերէ­նի հա­յազ­գի մաս­նա­գէտը: Մինչ այդ եղած են ֆրան­սա­ցի եւ մե­ծանուն հա­յերէ­նի մաս­նա­գէտ­ներ, ինչպէս՝ Ան­թուան Մէ­յէն, Ժորժ Տիւ­մէ­զիլը, ֆրե­տերիք Ֆեյ­տին. վեր­ջինս իս­կա­պէս հա­յերէ­նի սի­րահար մըն էր եւ այդպէ­սով որո­շած էր իր աս­պա­րէզը: Առա­ջին հայն էի, ինչ որ կա­րելի էր հա­մարել նշան մը ֆրան­սա­հայու­թեան հա­սու­նութեան մա­սին, բայց նաեւ նոր մար­տահրա­ւէր մըն էր: Պէտք էր դեռ աւե­լի բարձր գի­տական մա­կար­դակ պա­հել իրա­ւասու­թիւնը պահ­պա­նելու հա­մար. երբ դուն հայ ես եւ հա­յագի­տու­թեամբ կը զբա­ղիս: Հե­տեւա­բար աս­պա­րէզիս սկիզ­բէն կա­րեւոր էր ամե­նախիստ չա­փանի­շերով գի­տական աշ­խա­տանք տա­նիլ եւ հա­մապա­տաս­խան գի­տական ար­տադրու­թիւն ու­նե­նալ, ինչպէս նաեւ Ինալ­քո­յէն ներս գի­տական տե­սանե­լիու­թիւն պահ­պա­նել: Այսպէ­սով, 1990-ական տա­րինե­րուն Ինալ­քո­յի առա­ջին ընդհա­նուր լե­զուա­բանու­թեան խմբա­կը կազ­մե­ցի: Ինալ­քօն 2010-ին դար­ձաւ լիար­ժէք հե­տազօ­տական կեդ­րոն, որուն առա­ջին տնօ­րէնը եղած եմ: Միշտ ու­զած եմ շուրջս հա­ւաքել լե­զուա­բան­ներ եւ լե­զու­նե­րու տի­պաբա­նու­թեան մէջ տեղ ապա­հովել հա­յերէ­նի լե­զուա­բանու­թեան հա­մար:

2013 Փետ­րուարէն մին­չեւ 2016 Յու­լիս առի­թը ու­նե­ցայ գոր­ծուղուելու Լի­բանան, իբ­րեւ Պէյ­րութի Ամե­րիկեան Հա­մալ­սա­րան հրա­ւիրուած դա­սախօս: Այդ շրջա­նին էր, որ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թիւնը որո­շեց սկսիլ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու ինքնար­ժե­ւոր­ման ծրա­գիր մը, որուն հա­մար տե­ղական յանձնա­խումբ մը կազ­մուեցաւ: Բախ­տը ու­նե­ցայ, անոր ծի­րէն ներս աշ­խա­տելով՝ աւե­լի ծա­նօթա­նալու Լի­բանա­նի հայ հա­մայնքի մար­տահրա­ւէր­նե­րուն: Ահա այդ պա­հուն Կիւլպէն­կեանի հետ սկսանք մտա­ծել Սփիւռքի ու­սուցիչ­նե­րու վե­րապատ­րաստու­թեան մա­սին: Կը մտա­ծէինք որ պէտք էր քիչ մը աւե­լի զա­նազա­նու­թիւն բե­րել այս աս­պա­րէզին մէջ եւ առիթ ստեղ­ծել, որ ու­սուցիչ­նե­րը մի­ջազ­գա­յին ընդհա­նուր չա­փանի­շերու տի­րապե­տող մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ հա­ղոր­դակցին: Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թիւնը սկսաւ շարք մը ծրագ­րե­րու ձեռ­նարկել, օրի­նակ՝ հա­յախօս երե­խանե­րու հա­մար «Զար­մա­նազան» ճամ­բա­րը, որ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մօ­տեցու­մով, ազատ մթնո­լոր­տի մէջ թոյլ կու տայ երե­խանե­րուն արա­րել եւ ստեղ­ծա­գործել: Անի Կար­մի­րեան ին­ծի առա­ջար­կեց, որ նոյն ծրագ­րին մէջ ընդգրկենք նաեւ սփիւռքա­հայ հա­յերէ­նաւանդ ու­սուցիչ­ներ, որոնց հետ ու­նե­նանք առան­ձին վե­րապատ­րաստման դա­սեր եւ անոնք առի­թը ու­նենան, ճամ­բա­րը դի­տար­կե­լով, հա­մոզուելու ոչ-դա­սարա­նային մօ­տեցումնե­րու ար­դիւնա­ւէտու­թեան մա­սին արեւմտա­հայե­րէնի փո­խան­ցումին հա­մար: 

Կա­րեւոր էր, որ ու­սուցիչ­նե­րը դուրս գա­յին իրենց ու­սուցչի շա­պիկէն եւ ըմբռնէին թէ ինչ կը նշա­նակէ «Ին­չո՞ւ հա­յերէն խօ­սիլ». այ­սօ­րուան երե­խան ին­չո՞ւ պէտք է արեւմտա­հայե­րէն խօ­սի: Սա գլխա­ւոր հար­ցումն է, որուն մա­սին շատ քիչ կ՚անդրա­դառ­նանք: Կար­ծես թէ ազ­գա­սիրու­թեան հան­դէպ դա­ւաճա­նու­թիւն է այս հար­ցումը տալ, երբ ընդհա­կառակն՝ անհրա­ժեշտ ող­ջամտու­թիւն է, քա­նի որ երե­խան պէտք է լե­զուն սոր­վե­լու ներ­քին ցան­կութիւ­նը ու­նե­նայ: Առանց այս ցան­կութեան, եթէ յա­ջողինք ալ երե­խային բան մը սոր­վեցնել, այդ պի­տի մնայ մա­կերե­սային մա­կար­դա­կի վրայ եւ շատ արագ պի­տի ան­հե­տանայ:

Այս հար­ցե­րուն շուրջ բա­ւական մտա­ծած եմ: Պէյ­րութ գտնուելով հա­մոզուեցայ, որ տագ­նա­պի իրա­վիճա­կին մէջ պէտք է խու­սա­փիլ տագ­նա­պային հո­գեբա­նու­թեան գե­րին դառ­նա­լէ: Կառ­չե­լով ու­նե­ցածին վրայ եւ չմտա­ծելով ապա­գային մա­սին, միայն կ՚արա­գաց­նենք տագ­նապն ու կո­րուստը: Դիւ­րին չէ մեր հա­մայնքա­յին ըն­տե­լու­թիւննե­րը վե­րանա­յիլ, բայց կար­ծեմ մեր ու­սա­նող­նե­րը աս­տի­ճանա­բար ոչ միայն կը հասկնան այս գա­ղափա­րը, այլ նաեւ կ՚իւ­րացնեն զայն, ինչ որ թոյլ կու տայ աս­տի­ճանա­բար փո­խել իրենց աշ­խա­տելու ձե­ւը։ 

Լի­բանա­նի մէջ է որ հասկցայ թէ ինչպէս կրնամ օգ­տա­կար դառ­նալ նաեւ հա­մայնքիս եւ ձե­ւով մը օգ­տա­գոր­ծել այս բա­ցառիկ դիրքս, ըլ­լա­լով լիովին հայ Սփիւռքի ներ­կա­յացու­ցիչ եւ լիովին Ֆրան­սա­յի պե­տական աշ­խա­տող, ինչպէս կ՚ըսէր Ազ­նա­ւուր՝ 100% ֆրան­սա­ցի եւ 100% հայ: 2017-էն սկսեալ ստեղ­ծե­ցինք Ինալ­քո­յի 30 վար­կա­նիշով վկա­յական մը, որուն ու­սուցիչ­նե­րը կ՚ար­ժա­նանա­յին «Զար­մա­նազան» ճամ­բա­րի դա­սախօ­սու­թիւննե­րուն մաս­նակցե­լով, ինչպէս նաեւ հե­տագայ ու­սա­նողա­կան տա­րուան ըն­թացքին իրենց դա­սարա­նէն ներս աշա­կեր­տա­կեդ­րոն ծրա­գիր մը ստեղ­ծե­լով: 

2020-ի հա­մաճա­րակին տու­նը մնա­լով եւ առ­ցանց դա­սաւան­դե­լով, մտայ­ղա­ցայ մի­ջազ­գա­յին մա­գիստրո­սական ծրա­գիր մը ստեղ­ծե­լու գա­ղափա­րը, որուն մա­սին շա­տոնց կ՚երա­զէի: Ար­դէն առի­թը ու­նէի առա­ջար­կե­լու նոր ծրա­գիր մը, որ հա­յալե­զու ըլ­լա­լով չի պա­հան­ջեր ֆրան­սե­րէնի իմա­ցու­թիւն: Դա­սախօս­նե­րու կազմն ալ մի­ջազ­գա­յին էր եւ կ՚ընդգրկէր նաեւ ծա­գու­մով ոչ հայ մաս­նա­գէտ­ներ: 

Ծրա­գիրը շատ արագ մեծ յա­ջողու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց: Առա­ջին տա­րին մտա­դիր էինք 15 ու­սա­նող ընդգրկել, սա­կայն ու­նե­ցանք 33 դի­մում եւ թեկ­նա­ծու­թիւննե­րը ու­սումնա­սիրե­լէ ետք որո­շեցինք 22 ու­սա­նող ըն­դունիլ: Ան­ցեալ տա­րուան շրջա­նաւարտնե­րու վկա­յակա­նաց բաշխման արա­րողու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մարտ 1-ին Ինալ­քո­յէն ներս, ուր հա­յերէ­նը ամե­նամեծ քա­նակով վկա­յեալ­ներ ու­նէր: 12-13 շրջա­նաւարտներ աշ­խարհի տար­բեր ան­կիւննե­րէն ժամանե­ցին Փա­րիզ վկա­յական­նե­րը ստա­նալու: Այս տա­րուան խումբին հետ մեր շրջա­նաւարտնե­րու ընդհա­նուր թի­ւը 40-ի պի­տի հաս­նի: Նոր դի­մումնե­րու ըն­դունու­մը ըն­թացքի մէջ է: Առա­ջին փու­լը քա­նի մը շա­բաթ առաջ վեր­ջա­ցաւ, 2-րդ փու­լը Յու­նի­սի կէ­սին պի­տի բա­ցուի (տե՛ս https://www.inalco.fr/langues/armenien): 

Մեր բո­լոր դա­սախօս­նե­րը արեւմտա­հայե­րէն կը դա­սաւան­դեն, բա­ցի եր­կուքէն, որ արե­ւելա­հայա­խօս են: Այս ծրա­գիրը կեդ­րո­նացած է Սփիւռքի մար­տահրա­ւէր­նե­րուն եւ արեւմտա­հայե­րէնի վրայ, սա­կայն չենք ու­զեր անի­մաստ պատ­նէշներ ստեղ­ծել, եւ երբ Հա­յաս­տա­նէն կամ նոյ­նիսկ Սփիւռքէն արե­ւելա­հայա­խօս մը դի­մէ՝ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը նոյնպէս կը քննար­կենք: Պար­զա­պէս կը փոր­ձենք հա­ւասա­րակշռու­թիւն մը պա­հել, որ քա­նի մը հո­գիէն աւե­լի չըլ­լայ, եթէ մե­ծամաս­նութիւն ըլ­լա­յին, ծրագ­րին բնոյ­թը պի­տի ազ­դուէր: 

Մեր ու­սա­նող­նե­րը կը մղենք խմբա­յին աշ­խա­տանքներ կա­տարե­լու եւ իս­կա­կան հա­մագոր­ծակցա­կան կապ մը եւ մտեր­մութիւն մը կը ստեղ­ծուի իրենց մի­ջեւ, թէեւ ֆի­զիքա­պէս առիթ չեն ու­նե­նար հան­դի­պելու: Ե՛ւ աշ­խա­տան­քա­յին, ե՛ւ մարդկա­յին տե­սակէ­տէն շատ գո­հացու­ցիչ է:

Ինալ­քո­յի այս ծրա­գիրը, որ­պէս մա­գիստրո­սական ծրա­գիր, աւար­տա­ճառ մը կը պա­հան­ջէ, սա­կայն ոչ հե­տազօ­տական բնոյ­թով, այլ սո­վորա­բար փոր­ձաշրջա­նի հի­ման վրայ կա­ռու­ցուած: Նախ՝ պի­տի չկա­րենա­յինք բո­լոր գի­տակար­գե­րու մե­թոտա­բանու­թեան պատ­րաստու­թիւնը ապա­հովել հե­տազօ­տական աշ­խա­տան­քի որա­կը երաշ­խա­ւորե­լու հա­մար: Բայց նաեւ՝ որոշ ռազ­մա­վարու­թիւն մը կայ այս ընտրու­թեան մէջ, եւ յոյ­սը, որ այս փոր­ձաշրջան­նե­րուն մի­ջոցաւ նպաս­տենք Սփիւռքի մար­դուժի որա­կին: Մեր ու­սա­նող­նե­րը, Սփիւռքի եւ հայ մշա­կոյ­թի մա­սին իրենց գի­տելիք­նե­րով (սփիւռքա­գիտու­թիւն, մար­դա­բանու­թիւն, լե­զուա­բանու­թիւն, գրա­կանա­գիտու­թիւն) եւ գի­տական մե­թոտ­նե­րէն բխած իրենց գի­տակ­ցութեամբ, կրնան իրենց հա­մայնքնե­րուն նոր շունչ բե­րել: Հոս ու­սա­նողը առի­թը ու­նի մտա­ծելու, թէ ինք իբ­րեւ Սփիւռքի գի­տակից ան­դամ ի՞նչ պի­տի կա­րենայ ընել իր կամ ու­րիշ հա­մայնքի հա­մար, նաեւ տար­բեր եր­կիրնե­րու պա­հանջքնե­րը ի մի բե­րելով եւ իր դա­սըն­կերնե­րուն հետ կազ­մած ցան­ցէն օգ­տուելով: Ազ­գա­յինը որ­պէս կար­գա­խօս տեղ չու­նի մեր ծրագ­րին մէջ, սա­կայն բո­լորս մեր մէջ ու­նինք այս ազ­գա­յին գոր­ծօ­նը, որ գի­տելիք­նե­րը կի­րար­կե­լու ժա­մանակ շատ մեծ դեր կը խա­ղայ:

«ՆՅ» – Դուք ան­դամ էք ՀՀ Գի­տու­թիւննե­րու Ազ­գա­յին Ակա­դեմիային (ԳԱԱ), յա­ճախ կ’այ­ցե­լէք Հա­յաս­տան, վեր­ջերս այստեղ վա­րեցիք սե­մինար մը, որուն մա­սին զե­կու­ցած ենք «Նոր Յա­ռաջ»-ի մէջ. կրնա՞ք խօ­սիլ Հա­յաս­տա­նի գի­տական հաս­տա­տու­թիւննե­րու հետ ձեր հա­մագոր­ծակցու­թեան մա­սին։

Ա. Տ. – 1992-էն իվեր ամէն տա­րի կ՚այ­ցե­լեմ Հա­յաս­տան: Գլխա­ւոր կա­պերս եղած են «Հր. Աճա­ռեան» լե­զուի ինստի­տու­տին հետ, որ ժա­մանա­կին Գէորգ Ջա­հու­կեանի ղե­կավա­րու­թեան տակ էր, հի­մա, քա­նի մը փո­փոխու­թիւննե­րէ ետք, Վիք­թոր Կատ­վա­լեանն է: Միշտ կա­պի մէջ ենք՝ միասին դաշ­տա­յին աշ­խա­տանք տա­րած ենք, գի­տաժո­ղով­ներ, սե­մինար­ներ: 2012-ին պա­տիւը ու­նե­ցայ ՀՀ ԳԱԱ-ի մի­ջազ­գա­յին ան­դամ նշա­նակուելու, ինչ որ մղեց զիս աւե­լին ընե­լու Ակա­դեմիային հետ: Վեր­ջերս նաեւ հա­մագոր­ծակցու­թիւն ու­նինք Հնա­գիտու­թեան եւ Ազ­գագրու­թեան ինստի­տու­տին հետ, որ շատ հե­տաքրքրա­կան հե­տազօ­տու­թիւններ կը կա­տարէ Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղահա­նուած­նե­րուն հետ: 2014-15 տա­րինե­րուն առա­ջին փոր­ձը ու­նե­ցանք միասին դաշ­տա­յին աշ­խա­տանք կա­տարե­լու եւ բար­բա­ռային նիւթ հա­ւաքե­լու, որ պի­տի ծա­ռայէր որ­պէս միջ­գի­տակար­գա­յին ու­սումնա­սիրու­թեան հիմք՝ մար­դա­բանա­կան եւ լե­զուա­բանա­կան մօ­տեցումնե­րով: Հա­յերէ­նի բար­բառնե­րը ան­հե­տանա­լու կամ խոր փո­փոխու­թեան են­թարկուելու վտան­գին տակ կը գտնուին: Ժա­մանա­կին մեր թի­րախը Գե­տաշէ­նի տե­ղահա­նուած ըն­տա­նիք­ներն էին, հի­մա՝ Ար­ցա­խի տար­բեր վայ­րե­րէն ժա­մանած բնակ­չութիւ­նը: Իրա­րու հետ տար­բեր ձե­ւերով կը հա­մագոր­ծակցինք, յու­սա­լով որ շու­տով միասին կա­րեւոր ծրա­գիր մը պի­տի կա­րենանք իրա­գոր­ծել:

«ՆՅ» – Այ­սօր նոր գիւ­տեր կը յայտնուին, հա­մացանցն ու ըն­կե­րային ցան­ցե­րը հին կը հա­մարուին ար­դէն, ամէ­նէն նո­րը ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը ըլ­լա­լու է։ 21-րդ դա­րու ար­հեստա­գիտու­թեան աշ­խարհին մէջ արեւմտա­հայե­րէնը ո՞ւր կը տես­նէք եւ ինչպէ՞ս կրնան այս նո­րայայտ գիւ­տե­րը օգ­նել մե­զի հա­յերէ­նը՝ մաս­նա­ւորա­պէս արեւմտա­հայե­րէնը կեն­սունակ պա­հելու եւ զար­գացնե­լու։

Ա. Տ. – Հա­մացան­ցի աշ­խարհին մէջ աշ­խարհի լե­զու­նե­րու մե­ծամաս­նութիւնն է որ թուայ­նացման մար­տահրա­ւէրին մէջ ետ մնա­ցած է, այ­սինքն մար­դուժը եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը չեն ու­նե­ցած աղ­բիւրնե­րու եւ մաս­նա­գիտա­կան գոր­ծիքնե­րու վճռա­կան քա­նակի մը հաս­նե­լու: Միայն աշ­խարհի ամե­նատա­րածուած լե­զու­նե­րը՝ անգլե­րէնը, սպա­ներէ­նը, արա­բերէ­նը, ռու­սե­րէնը, չի­նարէ­նը, ֆրան­սե­րէնը, ճա­փոնե­րէնը… շատ-շատ 20 լե­զու, ար­հեստա­գիտա­կանօ­րէն լիար­ժէք օժ­տուած են: Արեւմտա­հայե­րէնը ո՛չ ասոնց մաս կը կազ­մէ, ո՛չ ալ ամէ­նէն ու­շա­ցածն է: Կան ըն­կե­րակ­ցութիւններ ե՛ւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ե՛ւ այլ եր­կիրնե­րու մէջ (Ֆրան­սա ու­նինք Calfa.fr ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը որ ռահ­վի­րայ մը եղած է ձե­ռագ­րե­րու մե­քենա­կան ըն­թերցու­մին մէջ, եւ Ինալ­քո­յի Dalih ծրա­գիրը, որ հա­յերէն լե­զուի զա­նազան տար­բե­րակ­նե­րու մե­ծագոյն շտե­մարա­նը կը պատ­րաստէ): Վեր­ջերս բա­ւական ջանք թա­փուե­ցաւ արեւմտա­հայե­րէն Ուի­քիփե­տիան ստեղ­ծե­լու նպա­տակով, որ նոյնպէս Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թեան ծրագ­րե­րէն մէկն էր: Միասին աշ­խա­տեցանք, որ­պէսզի արեւմտա­հայե­րէնը ընդգրկուի ISO մի­ջազ­գա­յին կա­նոնարկման հաս­տա­տու­թեան կող­մէ, որ­պէս առան­ձին լե­զու, ոչ թէ ազ­գը պա­ռակ­տե­լու նպա­տակով ան­շուշտ, այլ որ­պէսզի իրա­ւունք ու­նե­նանք արեւմտա­հայե­րէն Ուի­քիփե­տիա մը ու­նե­նալու: Ան­կէ առաջ միայն մէկ հա­յերէն Ուի­քիփե­տիա կրնար գո­յու­թիւն ու­նե­նալ, որ լռե­լեայն ձե­ւով արե­ւելա­հայե­րէնն էր: Հի­մա արեւմտա­հայե­րէնով բա­ւական նիւ­թեր կան, բայց դեռ բա­ւարար չեն ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան նոր աշ­խարհին մէջ օժ­տուած լե­զու հա­մարուելու հա­մար: Հա­յերէ­նը փո­խան­ցե­լու եւ կեն­սունակ պա­հելու հա­մար պէտք է աշ­խա­տիլ, որ իւ­րա­քան­չիւր նո­րարար գոր­ծիք բա­նի նաեւ արեւմտա­հայե­րէնով, որ­պէսզի կա­րելի ըլ­լայ զայն գոր­ծա­ծել կեան­քի բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ, որով­հե­տեւ ա’յդ է լե­զուի մը կեն­սունա­կու­թեան գրա­ւակա­նը: Մենք ալ մեր հե­տազօ­տական աշ­խա­տանքնե­րով կը փոր­ձենք նպաս­տել ատոր: 

Ինալ­քո­յի IMAS ծրագ­րի (International Master in Armenian Studies) դա­սախօս­նե­րէն է Շա­հան Վի­տալ -Կո­րէնը, որ Քալ­ֆա կազ­մա­կեր­պութեան հի­մադիրն է եւ Ֆրան­սա­յի մէջ ամէ­նէն յա­ռաջա­ցած անձն է այս հար­ցե­րուն մէջ: Ու­նինք նաեւ Վիք­թո­րիա Խուրշու­տեանը, որ կոր­բուսա­յին լե­զուա­բանու­թեան (corpus linguistics) մաս­նա­գէտ է եւ 3 տա­րի առաջ կրցած է ֆրան­սա­յի ամէ­նէն կա­րեւոր դրա­մաշ­նորհնե­րէն մէ­կը շա­հիլ մե­ծածա­ւալ Dalih ծրա­գիրը կա­տարե­լու հա­մար (Digitalizing Armenian Linguistic Heritage), նպա­տակը ընդհա­նուր մեծ շտե­մարան մը ստեղ­ծելն է, ուր տեղ գտնեն գրա­բարը, մի­ջին հա­յերէ­նը, արե­ւելա­հայե­րէնն ու արեւմտա­հայե­րէնը նաեւ բար­բա­ռային տուեալ­ներ, որ­պէսզի լե­զուա­բանին հա­մար կա­րելի ըլ­լայ որո­նել տար­բեր լե­զուա­բանա­կան հար­ցեր այս բո­լոր տար­բե­րակ­նե­րը ի մի բե­րելով, ինչ որ չտես­նուած բան է եւ բա­ւական մեծ մար­տահրա­ւէր­ներ կը յա­ռաջաց­նէ հա­մընդհա­նուր որո­նու­մը ապա­հովե­լու հա­մար: Շա­հան նաեւ կը հա­մագոր­ծակցի այս ծրագ­րին: Նոր մե­թոտ­ներ կը փոր­ձարկենք այս տուեալ­նե­րը մե­քենա­յակա­նօրէն պի­տակա­ւորե­լու հա­մար ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան օգ­նութեամբ: Ար­դէն սկսած ենք բա­ւական մեծ յա­ջողու­թիւններ ար­ձա­նագ­րել եւ ստա­նալ ար­դիւնքներ, որոնք գի­տական հան­դէսնե­րու մէջ հրա­պարա­կուած են: 

Շատ մեծ են մար­տահրա­ւէր­նե­րը, բայց յա­մենայն դէպս ան­տե­սուած ոլորտ մը չէ: Հա­յաս­տա­նի մէջ աշ­խուժ դաշտ մըն է:

«ՆՅ» – Ի՞նչ խրատ կու տաք հա­յագի­տու­թեամբ հե­տաքրքրուող երի­տասարդնե­րուն։

Ա. Տ. – «Զբա­ղեցէ՛ք այն ին­չով, որ ձեր սրտին ամէ­նէն մօ­տիկն է»: Այս է խրատս բո­լոր ու­սա­նող­նե­րուն, որով­հե­տեւ այ­սօ­րուան աշ­խարհը երի­տասար­դութիւ­նը կը դնէ իս­կա­պէս շատ մեծ մար­տահրա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ: Երբ ու­սա­նող էի, մեր մաս­նա­գիտա­ցու­մը ընտրե­լով չէինք մտա­ծեր, թէ ար­դեօք պա­հանջք մը կա՞յ եւ պի­տի կա­րենա՞նք մեր կեան­քը ասով վաստկիլ: Յա­ռաջ կ՚եր­թա­յինք եւ եթէ մեր ներդրու­մը բա­ւարար ըլ­լար, բան մը կը դա­սաւո­րուէր: Հի­մակուան երի­տասարդնե­րը յա­ճախ կը վախ­նան այսպէս մտա­ծելու եւ վախ­նա­լով, որ այսինչ աս­պա­րէզը շատ առիթ­ներ չի ստեղ­ծեր կամ բա­ւարար վար­ձատրու­թիւն չ՚ապա­հովեր, իրենց երազ­նե­րէն կը հրա­ժարին: Հա­մոզուած եմ որ որե­ւէ ոլոր­տի մէջ յա­ջողե­լու հա­մար կա­րեւո­րագոյ­նը ցան­կութիւնն ու եր­ջանկու­թիւնն է: Եր­ջանկու­թե­նէն պէտք չէ զի­ջիլ, ան աւե­լորդ շքե­ղու­թիւն մը չէ, այլ մեր հիմ­քը որ­պէս մարդ արա­րած: Ի դէպ, ես հա­մոզուած եմ որ նոյ­նը կը վե­րաբե­րի գոր­ծունէու­թեան զա­նազան ոլորտնե­րու, ազ­գա­յինը բա­ցառու­թիւն չէ: Շատ մը չա­փանի­շերով հա­մայնքին հա­մար լա­ւագոյն հա­յը եր­ջա­նիկ հայն է:

Հարցազրոյցը վարեց՝ 

Վահան Կ. Մանճիկեան

Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը (տեսանիւթ) դիտել այս յղումով՝

https://youtu.be/X2tQyj1Y5jk