Հարցազրոյց՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ի հետ

«Նոր Յա­ռաջ» – Հո­գեւոր տէր, տե­ղի ու­նե­ցաւ Իգ­նա­տիոս արք.-ի սրբա­դաս­ման արա­րողու­թիւնը, որուն հա­մապա­տարա­գիչն էիք դուք։ Ի՞նչ են ձեր տպա­ւորու­թիւննե­րը այս առ­թիւ։

Ռա­ֆայէլՊետ­րոս Մի­նասեան կա­թողի­կոսպատ­րիարքԽո­նար­հութիւն, երախ­տա­գիտու­թիւն, աս­տուածա­յին այս մեծ շնոր­հին, որ պար­գե­ւեց, ոչ թէ ինծի, այլ մեր եկե­ղեցիին, մեր ժո­ղովոր­դին, ճանչնա­լով այդ բո­լոր չար­չա­րանքնե­րը եւ ջար­դե­րը, որ տե­ղի ու­նե­ցած են տա­րինե­րու ըն­թացքին եւ մա­՛նաւանդ 1915-ին, որուն տի­պար զո­հը եղաւ ան։ Հե­տեւա­բար տպա­ւորու­թիւննե­րը շատ խոր են, զգա­ցական կեր­պով եթէ պի­տի խօ­սիմ, բա­ւական խոր յուզումներ են, որով­հե­տեւ իմ ան­ձիս մէջ՝ անար­ժան մէկ ծա­ռան մեր Եկե­ղեց­ւոյ, կա­րողա­ցաւ ներ­կա­յաց­նել ամ­բողջ հայ ազ­գը այդ Սուրբ խո­րանին դի­մաց, ընդհան­րա­կան Եկե­ղեց­ւոյ գլխա­ւորին՝ Լե­ւոն 14-րդ պա­պին հետ։ Հե­տեւա­բար մաղ­թանքս այն է, որ իս­կա­պէս մեր այս նոր սուրբը, 20-րդ դա­րուս հայ սուրբը, կա­րողա­նայ իր ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­նալ բա­րի ըն­թացքով եւ լի աս­տուածա­յին շնորհքով։

«ՆՅ» – Սրբա­դասման գոր­ծընթա­ցը մէկ օրուան աշ­խա­տանք չէ, եր­կար աշ­խա­տանք է։ Ի՞նչ փուլե­րէ ան­ցաւ, եւ քա­նի տա­րուան ըն­թացքին աւար­տին հա­սաւ։

Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Ան­շո՛ւշտ, ես չեմ կրնար ստանձնել ամբողջ արժանիքը այս սրբա­դաս­ման, որով­հե­տեւ ինձմէ առաջ երեքչորս պատ­րիարք­ներ աշ­խա­տանք տա­րած են, մին­չեւ զինք երա­նելիու­թեան հասցնե­լը։ Ան­կէ ետք, Ղապ­րո­յեան պատ­րիարք հո­գեւոր տէ­րը, իր­մէ առաջ Ներ­սէս հո­գեւոր տէ­րըհե­տեւա­բար ես կեր­պով մը կա­րողա­ցայ վայ­ե­լել իրենց աշ­խա­տանքնե­րուն ար­դիւնքը՝ վեր­ջին հանգրուանին հաս­ած սրբա­դաս­ման այս մեծ արա­րողու­թիւնը։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւնը եր­կար տա­րինե­րու ըն­թացքին եղած է, յի­սու­նա­կան թուական­նե­րէն սկսած, վկա­յու­թիւննե­րու հա­ւաքու­մով։ Տա­րիներ ան­ցան եւ երե­ւակա­յեցէք որ 2001-էն, երա­նելիու­թեան հռչա­կու­մէն 24 տա­րի ետք, մին­չեւ 2025, այ­սօր միայն տե­ղի ու­նե­ցաւ սրբա­դասու­մը։ Հե­տեւա­բար ան­խոնջ աշ­խա­տան­քի եւ շատշա­տերու մաս­նակցու­թեան եւ զո­հողու­թեան ար­դիւնքն է այն ինչ, որ վա­յելե­ցինք մենք, մի քա­նի օր առաջ։

«ՆՅ» – Մա­րոնի եւ Ասո­րի եկե­ղեցի­ներու պատ­րիարքնե­րը ներ­կայ էին, նաեւ՝ Լի­բանա­նի նա­խագա­հը։ Ինչպէ՞ս կը բա­ցատ­րէք, Լի­բանա­նի այս քոյր եկե­ղեցի­նե­րու եւ երկրի ղեկավարութեան մաս­նակ­ցու­թիւնը եւ զօ­րակ­ցութիւ­նը։ Ին­չի՞ ար­դիւնք է։

Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Սա հար­ցում մըն է, որ իրենց պէտք է ուղղել։ Երբ կը տես­նենք, բո­լոր այդ ոչհայ հա­մայքնե­րը, եկե­ղեցի­ները, քա­ղաքա­կան անձնա­ւորու­թիւննե­րըԱյ­սօր Լի­բանա­նի նա­խագա­հը առան­ձին չէր. իրեն կ՚ընկերանային 35 նա­խարար եւ երես­փո­խան, կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու նա­խագահ­ներ, որոնք բո­լորը միասին կը գտնուէին այդ հրա­պարա­կին վրայ։ Ինչպէս որ հոն էին նաեւ Հնդկաս­տա­նի Կար­դի­նալը եւ Վա­տիկա­նի բո­լոր գրա­սենեակ­նե­րուն մէջ գոր­ծող կար­դի­նալ­նե­րը։ Այ­սինքն մէկ խօս­քով, եթէ հա­մայն աշ­խարհը մեզ կը սի­րէ ու կը պա­տուէ, ցան­կա­լի պի­տի ըլ­լար որ այդ սի­րով մենք ալ զիրար սի­րէինք, այն սի­րով, որ օտար­նե­րը մեզ կը սի­րեն։

«ՆՅ» – Որ­քան որ վեր­ջա­պէս ինքնու­թեամբ հայ եպիս­կո­պոս է սրբա­դասուածը, նոյնքան ալ լի­բանան­ցի է. ձեռ­նադրուած է Զմմա­ռի մէջ, …Կա­թողի­կէ կա­թողի­կոսու­թիւնը Զմմա­ռի մէջ կայք հաս­տա­տած է։

Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Յամե­նայնդէպս պէտք է ըն­դունիլ որ սուրբե­րը ընդհան­րա­կան Եկե­ղեց­ւոյ սուրբեր են։ Սուրբե­րը պէտք չու­նին ո՛չ մեր վկա­յու­թեան, ո՛չ մեր մի­ջամ­տութեան, այլ մենք ենք, որ պէտք ու­նինք իրենց մի­ջամ­տութիւննե­րուն, որ­պէսզի կա­րողա­նանք Աս­տուծոյ շնորհնե­րը ստանալ իրենց ճա­նապար­հով, թէեւ աս­տուած կը տես­նէ եւ կը պար­գե­ւէ բո­լոր շնորհնե­րը։ Ամէնօրեայ մեր կեան­քը, մեր շունչը, մեր էու­թիւնը ամ­բողջու­թեամբ Աստուծոյ ձեռ­քին մէջ է։ Բայց Աս­տուած կը գոր­ծա­ծէ նաեւ իր հա­ւատա­րիմ­նե­րը, որոնք շալ­կե­ցին կեան­քի բո­լոր դժուարու­թիւննե­րը, ինչպէս որ Քրիս­տո­ս շալ­կեց խա­չը եւ խա­չին վրայ մե­ռաւ, մենք ալ կ՚առ­նենք այդ խա­չը այդ յոյ­սով, որով Յի­սուս յա­րու­թիւն առաւ։ Ա՛յս է դա­սը այն բո­լոր հա­ւատա­րիմ­նե­րուն, հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն համար, որոնք Աս­տուծոյ կա­պուած կը մնան, եւ սուրբ հա­ղոր­դութեան իմաս­տը կը հասկնան։ Քրիս­տո­սը մարմնով, արիւ­նով մեր մէջ կ՚առ­նենք՝ մեր մէջ կ՚ըլ­լայ, երբ մենք իր մէջ կ՚ըլ­լանք եւ այս գա­ղափա­րով պէտք է, որ մենք նաեւ կա­րողա­նանք ցա­նել այս սեր­մը, սուրբե­րո՛ւն սեր­մը մեր բո­լոր եկե­ղեցի­ներուն եւ բո­լոր հա­ւատաց­եալնե­րուն սրտին մէջ։

«ՆՅ» – Զար­մա­նալիօրէն այս սրբա­դասու­մը կը զու­գա­դիպի այնպի­սի ժա­մանա­կաշրջա­նի մը ուր իրարու կը յաջորդեն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ցե­ղային զտում, մարդկու­թեան դէմ ոճիր­ներ, պա­տերազ­մա­կան ոճիր­ներ, անոնց զոհն են նաեւ Լի­բանան եւ պա­ղես­տինցի­ները։ Եւ վեր­ջա­պէս, Մա­լոյեան ինք եւս զոհ էր ցե­ղաս­պա­նական ոճի­րի

Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Աս­տուած ինչպէս միշտ մե­զի առիթ­նե­րը կու­ տայ, ինչպէս բո­լոր հրաշքնե­րը եւ երե­ւումնե­րը որ տե­ղի ու­նե­ցած են դա­րերու ըն­թացքին։ Կը շա­րու­նա­կէ մե­զի տալ նշան­ներ, ան­ձեր, ֆի­զիքա­կան մար­դիկ, որոնք կը վկա­յեն, մեզ կը հրա­ւիրե­ն մեր խղճին առ­ջեւ գտնուելու եւ վե­րադառ­նալու Աս­տուծոյ սի­րոյն եւ Աստու­ծոյ տուած պար­գեւնե­րուն։ Երախ­տա­գիտու­թեամբ, միու­թեամբ Աստու­ծոյ հետ, որ­պէս հա­րազատ զա­ւակ­ներ, ոչ որ­պէս անա­ռակ որ­դի­ներ. ի դէպ, նոյնիսկ անա­ռակ որ­դին վե­րադար­ձաւ իր հօ­րենա­կան տու­նը։ Եւ ա՛յս է մեր կո­չը։ Աս­տուած մե­զի կու տայ այս տի­պար օրի­նակն ու տի­պար անձնա­ւորու­թիւննե­րը, որոնք իրենց կեան­քին վկա­յու­թեամբ բո­լոր դժուարու­թիւննե­րը, չար­չա­րանքնե­րը, զրկանքնե­րը կրե­ցին, կը վկա­յեն Աս­տուծոյ, գե­րագոյն եւ ան­հուն սի­րոյն մա­սին։ Հե­տեւա­բար ա՛յս է կո­չը, ա՛յս է նշա­նը. ի տես ձեր թուած այն բո­լոր ոճիր­նե­րուն, այդ բո­լոր ջար­դե­րուն, այդ բո­լոր անմարդկա­յին արարքնե­րուն, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նան այս աշ­խարհի երե­սին, այս սուրբե­րը մե­զի կ՚անդրա­դարձնեն, որ վե­րադար­ձի ժա­մը հա­սած է։ Եւ մեր մաղ­թանքն է, որ մեր վայելած այս իս­կա­պէս փա­ռահեղ հան­դի­սու­թիւնը ըլ­լայ մե­զի առիթ մը՝ մեր հո­գեւոր կեան­քը զօ­րաց­նելու եւ վե­րադառ­նալու Աս­տուծոյ սի­րոյն։

«ՆՅ» – Երե­ւոյթնե­րէն մէ­կը, որ նոյնպէս շատ կա­րեւոր էր՝ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն եւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին ներ­կա­յու­թիւնն էր այս արա­րողու­թեան։ Երբ գի­տենք որ այ­սօր Առա­քելա­կան եկե­ղեցին եւ պե­տու­թիւնը բա­խումնե­րու մէջ են։

Ռ.-Պ.Մ.Կ.-Պ. – Ճի՛շդ է, անոր հա­մար է որ վերի հար­ցումներէն մէկուն պա­տաս­խա­նեցի, ըսե­լով որ «երբ կը տես­նէք թէ օտար­նե­րը որ­քան մեզ կը սի­րեն, կը յար­գեն եւ կը մաս­նակցին մեր ու­րա­խու­թիւննե­րուն»։ Պի­տի ցան­կա­յինք որ մենք ալ զի­րար սի­րենք եւ իրա­րու օգ­նենք եւ մեր հար­ցե­րը սի­րով կա­րենանք հար­թել եւ ոչ՝ ոխա­կալու­թեամբ ու քի­նու­թեամբ։

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ