Ձերբակալուած՝ Արագածոտնի թեմի առաջնորդը՝ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեան
Քննչական կոմիտէն կը խօսի «ապացուցողական գործողութիւններու» մասին, մինչ Մարդկային իրաւանց պաշտպանը կ՚արձանագրէ իրաւախախտումներ։ Ոստիկանատուն առաջնորդուած միւս հինգ հոգեւորականներէն մէկը ազատ արձակուած է
Հայաստանի մէջ յատկապէս Եկեղեցի—Պետութիւն առճակատման պատճառով տիրող ներազգային լարուած իրավիճակը Հոկտեմբեր 15-ին քիչ մը աւելի թէժացած է, երբ իրաւապահ մարմինները շարք մը խուզարկութիւններէ ետք ոստիկանատուն առաջնորդած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանը եւ նոյն թեմի հինգ այլ հոգեւորականներ՝ Տէր Փառէն, Տէր Մանուկ, Տէր Հայկ, Տէր Ղեւոնդ եւ Տէր Մկրտիչ քահանաները։ Օրուան աւարտին, փաստաբան Արա Զօհրապեան յայտարարած է, որ Պռոշեան եպիսկոպոս ձերբակալուած է. իսկ աւելի ուշ ալ յայտարարուեցաւ, թէ ան դատապարտուած է երկու ամիս բանտարկութեան։ Ի դէպ, Մայր Աթոռը այս առթիւ հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ ոչ թէ 6, այլ՝ 14 հոգիի ոստիկանութիւն առաջնորդուելուն մասին կը խօսի։
Քննչական կոմիտէն հաստատած է, որ քրէական գործընթացի մը շրջանակին մէջ «անհրաժեշտ ընթացակարգային եւ ապացուցողական գործողութիւններ» կ՚իրականացուին։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ գործը կը վերաբերի «իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները օգտագործելով՝ հաւաքներու կազմակերպումը, մասնակցութիւնը խոչընդոտելու կամ՝ հաւաքներու կազմակերպում եւ մասնակցութիւն հարկադրելու, ինչպէս նաեւ հաւաքներուն մասնակից ապահովելու նպատակով՝ նիւթապէս շահագրգռելու» դէպքերուն։
Աւելի ուշ, փաստաբան Զօհրապեան յստակացուցած է, որ Պռոշեան եպիսկոպոսին դէմ յարուցուած մեղադրանքը կը վերաբերի վերոնշեալին, ինչպէս նաեւ՝ ընտրական քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ ազդելուն։
Իրադարձութիւններուն անմիջապէս արձագանգած է Մարդկային իրաւանց պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենեակը, որու «արագ արձագանգման խումբ»-ը այցելած է Քննչական կոմիտէ՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար հոգեւորականներու իրաւունքներու վիճակին։
Իրենց այցելութեան արդիւնքներու հիման վրայ՝ ՄԻՊ—ի գրասենեակը հրապարակած է մտահոգիչ տեղեկութիւններ պարունակող յայտարարութիւն մը՝ արձանագրելով քանի մը լուրջ խախտումներ.
Պաշտպանը այս գործելակերպը «անթոյլատրելի» որակած է եւ շեշտած, որ իւրաքանչիւր քրէական գործընթացի՝ պէտք է առաջնային ըլլայ մարդկային իրաւանց յարգանքը։
Օրուան ընթացքին, ոստիկանատուն առաջնորդուած հոգեւորականներէն Սաղմոսավանքի հոգեւոր հովիւ Տէր Փառէն քահանայ Առաքելեան ազատ արձակուած է։ Քննչական կոմիտէի շէնքէն դուրս գալէն ետք, ան լրագրողներուն յայտնած է, թէ իր մասնակցութեամբ որեւէ քննչական գործողութիւն չէ կատարուած։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգը եւս հաստատած էր հոգեւորականներու ձերբակալութեան լուրերը, աւելցնելով, որ իրաւապահները խուզարկութիւն կատարած են նաեւ եպիսկոպոս Պռոշեանի տան մէջ։