«Մոնտ»-ին վերագրուող կեղծ լրատւութիւն մը, ուր կ՚ըսուի թէ ֆրանսացի նախարարը կ՚աջակցի Ուքրաինայի մէջ ռուս զինուորներու սպանութեան
Ռուսական քարոզչական ցանցերը կը թիրախաւորեն Հայաստանը՝ կեղծ լուրերով, արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած տեսանիւթերով եւ ծանօթ լրասփիւռներու նմանող կայքերով
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քանի մը ամիս մնացած, Ռուսաստան նկատելիօրէն կ՚աշխուժացնէ իր քարոզչական գործունէութիւնը։ Այս կը հաստատեն ո՛չ միայն ոլորտի մասնագէտները, այլ նաեւ՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հետաքննութիւնը։
Ռուսական քարոզչութեան գլխաւոր հարթակներէն՝ Թելեկրամի վրայ բացայայտուած են 20-է աւելի հայկական անունով ալիքներ, որոնց բաժանորդներուն թիւը 1800-էն կը հասնի մինչեւ 36 հազարի։ Այս ալիքներու զգալի մասը բացուած է Ռուսաստանի մէջ, մէկ մասը՝ 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք։
Անոնց մէջ պարբերաբար կը հրապարակուին Ռուսաստանի մասին դրական տեղեկութիւններ, մինչ Եւրոպական Միութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ կործանարար ուժ Հայաստանի համար։ Ռուսալեզու այս ալիքները յաճախ իրարմէ մէջբերումներ կ՚ընեն, կը տարածեն ռուսամէտ գործիչներու յայտարարութիւնները եւ ռուսական պետական լրասփիւռներու խօսոյթը։ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը անոնց ամենաշատ քննարկած նիւթերէն է։
Մէջբերումներ քարոզչական ալիքներէն.
– «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը պէտք է հասկնայ, որ ընտրութիւններու ժամանակ ձայներու գողութիւնը […] կը յանգեցնէ յեղափոխութեան»։
– «2026-ի ընտրութիւնները պիտի որոշեն՝ Հայաստան պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ» (պիտի շարունակէ՞ գոյութիւն ունենալ, թէ՞ ոչ)։
– «Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը մօտենան […] Այսօր Հայաստան կը վերածուի Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ գլխաւոր աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան կեդրոնի»։
– «Եթէ 2026-ին […] դուք դարձեալ երթաք ու քուէարկէք այս վարչակարգին ի նպաստ, ապա գիտցէք՝ դուք կ՚ընտրէք թուրքերը։ Այլ տարբերակ հոս չկայ»։
Արհեստական բանականութիւն եւ կասկածելի կազմակերպութիւններ
Այս ալիքները կը գործածեն նաեւ արհեստական բանականութեամբ (ԱԲ) ստեղծուած տեսանիւթեր։ Անոնցմէ մէկուն մէջ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը վերածուած է ազերպայճանական զինուորական պանթէոնի, իսկ «Վերածնուող Հայաստան» յուշասիւնի գագաթին աստղով մահիկ մը կայ։ Հեղինակները կը նշեն, թէ սա կը պատկերէ՝ «ի՛նչ պիտի պատահի երկրին, […] եթէ շարունակուի Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները խզելու […] այս յիմար ու վտանգաւոր քաղաքականութիւնը»։
Ալիքները կը լուսաբանեն նաեւ «Եւրասիա» եւ «Ռուսական մարդասիրական առաքելութիւն» կազմակերպութիւններու համատեղ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։ BBC-ի հետաքննութիւն մը բացայայտած էր, որ «Եւրասիա»-ն ներգրաւուած է Ռուսաստանի կողմէ գանձատրուող կեղծ լրատուական ցանցի մը մէջ, որ կը միջամտէր եւրոպական ընտրութիւններուն։ «Եւրասիա»-ն պատիժներու ենթարկուած է ԱՄՆ—ու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ՝ Մոլտաւիոյ մէջ քաղաքացիներ կաշառելու եւ հակաարեւմտեան քարոզչութեան պատճառաւ։
Հայաստանեան փաստահաւաք լրագրողներ եւ միջազգային փորձագէտներ
Հայաստանի մէջ փաստեր ստուգող լրագրողները եւս կ՚արձանագրեն ռուսական քարոզչութեան աշխուժացումը՝ թիրախաւորող տեղեկատուական արշաւներով եւ ապատեղեկատւութեամբ։ Անոնք վերջերս բացայայտած են նաեւ Doppelgänger մեթոտով իրականացուած արշաւներ, որոնք կը ստեղծեն հեղինակաւոր արեւմտեան լրասփիւռներու (BBC, Le Monde եւ այլն) նմանող կեղծ կայքեր՝ կեղծ տեղեկութիւններ տարածելու համար (օրինակ՝ ֆրանսական Orano ընկերութեան կողմէ Հայաստան միջուկային թափօններ փոխադրելու մասին կեղծ լուրը)։ Մասնագէտները կը նշեն, որ այս արշաւներուն «հետքերը կը տանին դէպի ռուսական կողմ»։
Թուային ապատեղեկատւութեան փորձագէտ, փրոֆ. Մարթին Ինէս (Քարտիֆի համալսարան) կ՚ըսէ, որ յետխորհրդային երկիրներուն մէջ (Հայաստան, Վրաստան, Մոլտաւիա) գրեթէ նոյն մեքենականութիւնները կը գործածուին։ Այս խարդաւանանքներու կազմակերպիչները կ՚ուսումնասիրեն հանրային կարծիքը, կը բացայայտեն պառակտում ստեղծող նիւթեր եւ ապա կը մշակեն համապատասխան պատումներ ու արշաւներ։
Փորձագէտները կը կանխատեսեն, որ որքան մօտենան ընտրութիւնները, այնքան «յարձակողական» պիտի դառնան ապատեղեկատւութեան արշաւները, գործածելով նաեւ TikTok-ը եւ արհեստական բանականութիւնը։ Վերջերս բացայայտուած է ԱԲ—ով ստեղծուած 60 տեսանիւթ պարունակող արշաւ մը, որ կը թիրախաւորէր Հայաստանը եւ կ՚անդրադառնար 2026-ի ընտրութիւններուն։
Ռուսաստան կտրականապէս կը հերքէ ընտրութիւններուն միջամտելու մեղադրանքները։