Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ ԱԳ նախարար.– “Հայաստան պիտի շարունակէ  Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած իր ջանքերը”

Փետրուար 9-ին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան մէջբերած է ազգային անվտանգութեան ռազմավարութենէն հատուած մը, ուր արձանագրուած է, թէ հայ ժողովուրդի ազգային նպատակներն են՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետևանքներու յաղթահարումը և վերացումը։ Ան հարցում ուղղած է, թէ  Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը շարունակէ՞ այս նպատակները պահպանել, թէ՞ ոչ։

Ի պատասխան, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հետևողականօրէն կը շարունակէ իրականացնել բոլոր այն քայլերը, որոնք նշուած են կառավարութեան ծրագրին մէջ և  հաստատուած՝ խորհրդարանին կողմէ։

“Այդ ծրագրում յստակ նշուած է, որ Հայաստանը շարունակելու է իր ջանքերը ուղղուած ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանը, այնպէս էլ մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութեան հետագայ դրսևորումների կանխմանը”,– ըսած է Միրզոյեան։