ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակուած է Արմէն Փամբուխչեան

Ապրիլ 12-ին, ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան՝ հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը՝ Արմէն Փամբուխչեանը Արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակած է։

Նշենք որ՝ Արտակարգ իրավիճակներու նախկին նախարար Արտաշէս Փիլոյեան եւ իր ղեկավարած նախարարութեան շարք մը պաշտօնեաներ վերջերս ձերբակալուեցան զանազան ձեւերով կաշառակերութեան մեղադրանքներով, Եղծանման դէմ պայքարի յանձնախումբին վարած քննութեան շրջանակին մէջ։ ■

Խմբագրական