Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ բանակը օժտուած է նոր ուղղաթիռներով

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ ՀՀ զինեալ ուժերու օդային համակարգը օժտուած է ժամանակակից նոր ուղղաթիռներով, որոնք ունին կրակելու յատկութիւններ, բայց նաեւ կրնան օգտագործուիլ փոխադրական և առողջապահական նպատակներով։

Այս առթիւ Յունուար 25-ին «Էրեբունի» օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուած է ՀՀ զինուորական ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար Արտակ Դաւթեան։

Բանակի կազմաւորման տարեդարձին ընդառաջ, շնորհաւորելով անձնակազմը, ան վստահութիւն յայտնած է, որ օդային սահմաններու պաշտպանները պատրաստ են կատարելու առաջադրուած խնդիրները և անսասան պահելու երկրին օդային դարպասները։

Սպայակոյտի պետին ներկայացուած են ուղղաթիռներու մարտավարական-թէքնիք բնութագրերն ու առանձնայատկութիւնները։