Մայրութեան ու գեղեցկութեան օրուան եւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնին առթիւ, Ապրիլ 7-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
Պաշտպանութեան նախարարութենէն հաղորդած են, թէ ՀՀ Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Մովսէս վարդապետ Սարգսեան ներկայացուցած է օրուան խորհուրդը եւ կատարած՝ կին զինուորներու օրհնութեան կարգը։