ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան Ապրիլ 4-ին կայացած Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույոյի հետ հանդիպումին, ներկայացուցած է ազէրպայճանական զինեալ ուժերու ներխուժման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Լուրը հաղորդած են ՀՀ ԱԺ աշխատակազմէն։
Ռուբինեան յայտնած է, թէ Ազէրպայճան իր վարած քաղաքականութեամբ Արցախը հայաթափելու նպատակ ունի։
Իր կարգին դեսպան Լույօ մտահոգիչ համարած է Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը:
Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր եւս:
Մտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան գործընթացին վերաբերեալ: