ՀՅԴ ներկայացուցիչները այցելած են Ֆրանսայի Հայոց թեմ՝ աջակցութիւն յայտնելու Հայ եկեղեցւոյ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Շահէ Մատէնեան, Գէորգ Մելիտոնեան եւ Ռոմիկ Դաւիթեան Դեկտեմբեր 1-ին այցելած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Հայոց թեմ՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Հայ եկեղեցւոյ։

Այս մասին տեղեկացուցած է Մուրատ Փափազեան։

“Այսօր մենք հանդիպեցանք Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդին հետ՝ մեր շարունակական աջակցութիւնը յայտնելու Հայ եկեղեցւոյ, որ կը բախի Հայաստանի վարչակարգին կողմէ վարուող անընդունելի եւ անօրինական յարձակողական քաղաքականութեան”,– նշած է ան։