Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութեան 26-րդ տարելիցը

Պետական դէմքեր յարգանքի տուրք մատուցած են խորհրդարանին մէջ գործուած ոճիրի զոհերուն

Հոկտեմբեր 27-ին կը լրանար Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 1999-ին գործուած ահաբեկչական յարձակման 26-րդ տարելիցը։

26 տարի առաջ այս օրը, երեկոյեան ժամը 5-ին շուրջ, Ազգային ժողովի յաջորդական նիստի ընթացքին, զինեալ անձեր ներխուժեցին նիստերու դահլիճ եւ կրակ բացին՝ թիրախ առնելով Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանն ու վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը։

Զինեալ խումբին (Նայիրի Յունանեան, Կարէն Յունանեան, Էդուարդ Գրիգորեան, Վռամ Գալստեան, Դերենիկ Բեջանեան) արձակած կրակոցներէն սպանուեցան ԱԺ նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, ԱԺ փոխնախագահներ Ռուբէն Միրոյեանն ու Եուրի Բախշեանը, Պետական նախարար Լէոնարդ Պետրոսեանը, երեսփոխաններ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը։

«Հոկտեմբեր 27»-ի գործին դատավճիռը հրապարակուեցաւ 2 դեկտեմբեր 2003-ին։ Վեց ամբաստանեալներ (ներառեալ Նայիրի եւ Կարէն Յունանեանն ու Վռամ Գալստեանը) դատապարտուեցան ցմահ բանտարկութեան՝ ահաբեկչութեան, պետական իշխանութիւնը իւրացնելու, պետական գործիչներու սպանութեան եւ այլ մեղադրանքներով։ Մէկ ամբաստանեալ՝ Համլէթ Ստեփանեանը, դատապարտուեցաւ 14 տարի բանտարկութեան։

26-րդ տարելիցին առիթով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ծաղիկներ զետեղած են Ազգային ժողովի պարտէզին մէջ բարձրացուած յուշակոթողին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած 1999 հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհ դարձած պետական ու քաղաքական գործիչներու յիշատակին։