Հոմսի «Հայկական թաղամաս» կոչուած շրջանին մօտակայքը պատահած են լուրջ միջադէպեր 

 

«Գանձասար».- Կիրակի, Նոյեմբեր 23-ի առաւօտեան ժամերուն, Հոմսի հարաւային ծայրամասերէն  «Զայտալ» աւանին մէջ այր մարդ մը եւ կինը սպանուեցան։

Քանի մը ժամ ետք, քաղաքի հարաւային թաղամասերէն ներս պարէտային ժամ յայտարարուեցաւ եւ ներքին ապահովական ուժեր տարածուեցան` ապահովական լարուած իրավիճակին հսկելու եւ քաղաքէն ներս ապահովութիւնը ամրապնդելու համար։

ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ այժմ Հոմսի հարաւային թաղամասերուն իրավիճակը կայուն է եւ ապահովական ուժերը իրենց կարելին ի գործ կը դնեն քաղաքին սովորական իրավիճակը վերականգնելու համար։

Դէպքի վայրը մօտ է «Հայկական թաղամաս» կոչուած շրջանին, սակայն հոն այլեւս հայեր չեն բնակիր։ Յարակից թաղամասերուն մէջ կայ քանի մը հայ ընտանիք։ 

Հոմսի հայ բնակիչները «Գանձասար»-ին յայտնեցին, որ սպանութիւնը ըստ տեղացիներու՝ տոհմերու միջեւ ընտանեկան խնդրի մը հետեւանք է։

«Էսոշիէյթըտ Փրես» (AP) ալ կ՚աւելցնէ, թէ ըստ իր աղբիւրներուն՝ սպանուածները պետուիններ են եւ ոճիրէն ետք անոնց կազմած քանի մը խումբեր գրոհած են Հոմսի՝ ալեւիներու թաղամասերուն վրայ, բռնութեան արարքներ գործած են տեղւոյն բնակիչներուն նկատմամբ եւ հրկիզած բնակարաններ եւ այս դէպքերուն պատճառաւ կար 10 վիրաւոր։