Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը մեկնարկէ Լիբանանի հայ երիտասարդներուն ուղղուած նպաստի նոր ծրագիրը՝ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ։
ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ նախաձեռնութիւնը կը միտի ստեղծագործական արտայայտութեան, ինքնաճանաչումի եւ համայնքային փոփոխութիւններու խթանումին. հրաւէր մըն է Լիբանանի հայ երիտասարդներուն՝ նոր հորիզոններ բանալու, նորարարական գաղափարներ ձեւաւորելու եւ երիտասարդութեան բազմաձայնութիւնը աշխարհին հետ բաժնելու։ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ը կը ձգտի մասնակիցներուն հնարաւորութիւն տալ ստեղծելու անոնց կեանքն ու համայնքները հարստացնող իմաստալից նախագիծեր, ի վերջոյ նպաստելով նաեւ հայկական մշակոյթի ապագայ ձեւաւորումին։
Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ ստեղծագործական նախագիծերու, որոնք կ՚անդրադառնան լայն նիւթերու՝ ինքնութիւն, ընկերային մարտահրաւէրներ, լրատուական գրագիտութիւն, մարդու իրաւունքներ, թեքնաբանութիւն, լեզու եւ համայնքի կենսունակութիւն։ Ծրագիրը հիմնուած է հայ երիտասարդութեան մշակութային զարգացումին եւ հայերէնի նկատմամբ Բաժանմունքին ունեցած յանձնառութեան վրայ։
Հիմնարկութիւնը երկար ժամանակ համագործակցած է Լիբանանի հայ համայնքին հետ՝ բազմաթիւ ստեղծագործ եւ դրական ներգործութիւն ունեցող նախագծերու շուրջ։ Լիբանանի վերջին տարիներու իրադարձութիւնները դժուարացուցին նոր նախաձեռնութիւններու մեկնարկը՝ հակառակ շարունակական ջանքերու։ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ներկայիս առիթ մը կը տեսնէ թարմացնելու իր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու երիտասարդներուն եւ անոնց տալու նոր ստեղծագործական հնարաւորութիւններ, անդրադառնալու համար կարեւոր հարցերու: ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ը 2023 սեպտեմբերին Պէյրութի մէջ կայացած հայ երիտասարդներու հետ խորհրդատուական հանդիպումին հետեւող քայլն է։
Այս յանձնառութիւնը կը բխի Հիմնարկութեան լայն առաքելութենէն՝ ամրապնդելու հայկական մշակոյթը, լեզուն եւ ինքնութիւնը Սփիւռքի մէջ: Լիբանանի մէջ այս նպատակները նոր կարեւորութիւն կը ստանան շարունակական մարտահրաւէրներու պայմաններուն տակ: 2025 թուականին հայ երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի յետպատերազմեան իրականութեան. նոր սկիզբ մը կերտելու մարտահրաւէրով եւ հարուստ ժառանգութեան մը ուժով, ծրագիրը կը նոր ճամբայ մը կը բանայ լուծելու ժամանակակից խնդիրներ փոփոխական աշխարհի մը մէջ:
Նախագիծերը կրնան անդրադառնալ տարբեր նիւթերու՝ սկսած յետպատերազմեան դիմադրողականութենէն մինչեւ հայկական Սփիւռքի ինքնութեան եւ մշակոյթին վերաբերող թեմաները, ընկերային եւ համայնքային խնդիրները, ինչպէս նաեւ նորարարութեան եւ թեքնաբանութեան ազդեցութիւնը եւ անոր գործածութիւնը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարդալ Դիմումներու յայտ փաստաթուղթը։
Դիմելու համար այցելել այս էջը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։