ՀՌՈՄ – Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի եւ վեց ուրիշ երանելիներու սրբադասման կարգը

Ներկայ էր նաեւ վարչապետ Փաշինեան

Կիրակի, Հոկտեմբեր 19-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապին առաջնորդութեամբ, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ վեց ուրիշ երանելիներու սրբադասման կարգը։

Տիեզերական Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին դասուեցան

Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ՝ Մարտինի Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոս Ինգնատիոս Մալոյեան (Ignazio Choukrallah Maloyan)

Փափուա Նոր Կինէայէն աշխարհական կրօնուսոյց Փիթըր Տօ Ռոթ (Peter To Rot),

Վերոնայի Ողորմութեան Քոյրերու հաստատութեան հիմնադիր Վինչենցա Մարիա Փոլոնի (Vincenza Maria Poloni)

Յիսուսի Աղախիններու Միաբանութեան հիմնադիր Քարմէն Ռենտիլէս Մարթինէս (Carmen Rendiles Martínez)

Քրիստոնեաներու Օգնական Մարիամի դուստրեր միաբանութենէն կրօնաւորուհի Մարիա Թրոնքաթի (Maria Troncatti)

Վենեզուելացի բժիշկ, Փրանկիսկեան միաբանութեան աշխարհական կարգի անդամ` Խոսէ Կրեկորիօ Հերնանտէս Չիզներոսը (José Gregorio Hernández Cisneros)

Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրի հիմնադիր՝ Պարթոլօ Լոնկօ (Bartolo Longo)։

Բացի Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայէն, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին երանելիներու ծագման կամ առաքելութեան երկիրներէն ժամանած բարձրաստիճան եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին Լիբանանի նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ուրիշներ։

Խաժակ արք. Պարսամեան կը ներկայացնէր Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, իսկ Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչն էր Մեսրոպ եպիսկ. Սարգիսեան։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ համապատարագեց Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը:. Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդոսական եպիսկոպոսներն ու կղերական դասը, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած շուրջ 1500 հայ հաւատացեալներ։

Արարողութեան ընթացքին Հռոմի պապը ողջունեց մասնակից առաջնորդները։

Ի պատիւ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի, հնչեց նաեւ հայերէն աղօթք։ Նորին Սրբութիւնը հաղորդեց իր խօսքն ու օրհնութիւնը բոլոր ներկաներուն։

Միջոցառման շրջանակին մէջ վարչապետ Փաշինեան կարճ զրոյց մը ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլային հետ։