Ապրիլ 29-ին, Հռոմի հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշատախտակին առջեւ տեղի ունեցած է հայ համայնքի խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Իր ելոյթին դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան յատկապէս խօսած է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ ոճիրներու անպատժելիութեան հետեւանքներուն մասին, անդրադառնալով հայկական մշակութային ժառանգութեան խեղաթիւրման եւ կեղծ պատումներ տարածելու փորձերու մասին եւս։
Ելոյթ ունեցած են նաեւ Հռոմի քաղաքապետութեան խորհրդական Ֆետերիքօ Ռոքքա, երեսփոխան Անտրէա Գազու՝ Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անունով, եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, «Ացիոնէ» կուսակցութեան անդամ Ֆապիօ Մասսիմօ Գասթալտօ։
Իտալացի դիւանագէտները խօսած են յիշատակի անհրաժեշտութեան եւ զոհերուն յարգանք մատուցելու պարտաւորութեան, Հայոց ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ ոճիրները դատապարտելու կարեւորութեան, Իտալիոյ մէջ հայ համայնքի դերին, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու կացութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին։
Ձեռնարկի ընթացքին, Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական դպրեվանքի ուսանողներու կատարողութեամբ հնչած են հոգեւոր երգեր։
Արարողութեան մասնակցած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ Հռոմի քաղաքացիներ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։