Իսրայէլեան ռմբակոծումը՝ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ
Հոկտեմբեր 10-ին Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ Կազայի մէջ հաստատուած փխրուն հրադադարը լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ—յանդիման գտնուեցաւ անցնող օրերուն, երբ իսրայէլեան բանակը իր գործողութիւնները վերսկսաւ ոչ միայն Կազայի մէջ, այլ նաեւ՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ։
Լիբանան. Իսրայէլեան հարուածներ՝ Հեզպալլահի դէմ
Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը հոկտեմբեր 20-ին ռմբակոծեցին Լիբանանի հարաւը գտնուող Ճարմաք եւ Մահմուտիա շրջանները։ Ըստ Լիբանանի ազգային լրատու գործակալութեան, ութ օդային հարուածները մեծ պայթումներ եւ անտառային հրդեհներ յառաջացուցին։ Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը (ՑԱՀԱԼ) յայտնեց, թէ հարուածները ուղղուած էին Նապաթիէի մէջ «Հըզպալլահ»-ի դիրքերուն դէմ՝ մեղադրելով զայն՝ ահաբեկչական ենթակառոյցները վերականգնելու փորձերով։ Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, հակառակ 2024 Նոյեմբերին կնքուած հրադադարին, Իսրայէլ այս տարուան սկիզբէն ի վեր աւելի քան 4000 յարձակում գործած է Լիբանանի վրայ՝ պատճառելով 267 մեռեալ եւ 608 վիրաւոր։ Նաեւ, իսրայէլեան բանակը ամբողջութեամբ չէ քաշուած հարաւային Լիբանանէն՝ շարունակելով իր հսկողութեան տակ պահել վերջին պատերազմին գրաւուած հինգ կարեւոր բլուրներ։
Կազա. հրադադարի խախտումներ եւ դիւանագիտական ջանքեր
Հոկտեմբեր 19-ին Կազայի հարաւը՝ Ռաֆահի շրջանին մէջ, պաղեստինցի զինեալներու կրակէն երկու իսրայէլցի զինուորներու սպանութենէն ետք, Իսրայէլ փակեց «Քերեմ Շալոմ» եւ «Քիսուֆիմ» անցակէտերը եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Համասը ամբաստանեց հրադադարը խախտելու մեղադրանքով՝ հրամայելով բանակին «միջոցներու ձեռնարկել»։ Իսրայէլեան բանակը հարուածներ հասցուց Կազայի տասնեակ թիրախներու՝ պատճառելով շուրջ 30 մեռեալ։ Սակայն, նոյն օրուան երեկոյեան Իսրայէլ յայտարարեց, որ կը վերսկսի հրադադարի պահպանումը։ Հոկտեմբեր 20-ին անցակէտերը վերաբացուեցան։ Այս լարուած իրավիճակին մէջ, 20 Հոկտեմբերին Իսրայէլ ժամանեցին ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ եւ նախագահի փեսան ու խորհրդական Ճարետ Քուշներ՝ հրադադարը կայունացնելու եւ խաղաղութեան համաձայնագրի յաջորդ փուլին անցնելու ուղիներ քննարկելու նպատակով։
Սուրիա. իսրայէլեան ներխուժումներ
Իսրայէլեան ուժերը հոկտեմբեր 20-ին ներխուժեցին Սուրիոյ Կունէյթրայի շրջան՝ անցակէտ մը տեղադրելով եւ խուզարկութիւններ կատարելով։ Նախորդ օրն ալ ներխուժումներ տեղի ունեցած էին Կունէյթրայի քանի մը գիւղեր։ Ըստ սուրիական SANA գործակալութեան, 2024 Դեկտեմբերին նախագահ Պաշար ալ—Ասատի անկումէն ի վեր, Իսրայէլ ցամաքային ներխուժումներ կը կատարէ Կունէյթրայի եւ Տարաայի շրջաններուն մէջ՝ վերահսկողութիւն հաստատելով չէզոք գօտիին վրայ եւ խախտելով 1974-ի համաձայնագիրը։ Իսրայէլեան ուժերու ներկայութիւնը կը խոչընդոտէ տեղացի բնակիչներուն մօտենալու իրենց հողերուն։
Թուրքիա. Էրտողանի այցելութիւնները՝ Ծոցի երկիրներ
Տարածաշրջանային այս լարուած համայնապատկերին մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հոկտեմբեր 21-23 պաշտօնական այցելութիւններ կը կատարէր Քուէյթ, Քաթար եւ Օման։ Թէեւ թրքական լրասփիւռները այցերը կը ներկայացնեն բացառապէս նուիրուած՝ Կազայի վերակառուցման հեռանկարներուն, Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը կը յայտնէ, որ այցերուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմ յարաբերութիւնները, առկայ համագործակցութեան զարգացումը եւ տարածաշրջանային հարցեր։ Նախատեսուած են նաեւ շարք մը համաձայնագրերու ստորագրութիւններ։