Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի բաց նամակը  «փաշինեանական կուսակցութեան կլանին»

(Նամակը յանձնուած է Ֆրանսայի, Նետերլանտներու եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն)

Խոր մտահոգութեամբ, ցաւով եւ վրդովումով կը հետեւինք Հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող զանազան զարգացումներուն։

Պառակտուած ազգ մը, սեւի ու ճերմակի բաժնուած ժողովուրդ մը, պատերազմին պարտուած, բարոյալքուած ու քայքայուած բանակ, թշնամիին յանձնուած Արցախ, զիջուած ՀՀ տարածքներ, կեղծուած հայոց պատմութիւն, ոտնակոխուած  ազգային արժէքներ, պախարակուած ազգային պահանջատիրութիւն, պղծուած Արարատ, եւ այս բոլորին վրայ գումարած՝ Ցեղասպանութեան յիշատակին դէմ գործուած մեղանչումը, եռապատկուած՝ երկրին արտաքին պարտքը.– փաշինեանական ձեր կլանը, Նիկոլ Փաշինեանի բռնատիրութեան ներքոյ, կը շարունակէ յամառօրէն իր հայրենակործան ու ազգակործան «առաքելութիւնը»։

Դուք յամառօրէն կը շարունակէք պահել իշխանութիւնը՝ պառակտելով քաղաքական ընդդիմութիւնը, հալածելով պատկառելի հոգեւորականներ, անհիմն ամբաստանութիւններով հետապնդելով ժողովուրդին կողմէ ընտրուած հակառակորդներ, բազմապատկելով կամայական ձերբակալութիւններն ու քաղաքական բանտարկեալները, ոտնակոխելով ժողովրդավարութիւնն ու խօսքի ազատութիւնը, հաստատելով ոստիկանապետականինքնակալ վարչակարգ։

Ձեր ցանկին մէջ յաջորդը այսօր Հայ եկեղեցին է, որուն դէմ ձեր յարձակումը միայն մէկ բացատրութիւն ունի. հերետիկոսութիւն։ Այսուհանդերձ, պիտի չյաջողին ազգային հիմնասիւները քանդելու ձեր ջանքերը, պարզապէս որովհետեւ մեր ժողովուրդը ձեր պատկերացուցած հնազանդ ստրուկը չէեւ թէեւ ձեր կեղծ քարոզչութիւններով որոշ ժամանակ ապշած՝ խաբուեցաւ, արդէն արթնցած է եւ պատրաստ՝ իր մեծ Ո՛Չը շպրտելու ձեր եսապաշտ դէմքին։

Մենք կը մերժենք ոչ միայն արտաքին ուժերու կողմէ պատրաստուած եւ ձեր կողմէ ստրկաբար որդեգրուած «խաղաղութեան» կեղծ ու ստախօս դիմակը, այլեւ՝ ընդհակառակն, պիտի շարունակենք Հայ դատի մեր պայքարը աւելի մեծ թափով եւ վճռակամութեամբ՝ ի հեճուկս ձեզի եւ ձեր նմաններուն։ Դուք ո՛չ մէկ լիազօրագիր ունիք, ո՛չ իրաւական, ո՛չ բարոյական, հայ ժողովուրդի անունով որեւէ համաձայնագիր ստորագրելու. այն ինչ որ կը ստորագրէք՝ թուղթի կտոր մըն է միայն։ Հայ դատը, հակաթրքական պայքարը, մեր պահանջատիրութիւնը կը պատկանին եւ կը վերաբերին միայն ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդին եւ ո՛չ միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն. հետեւաբար այդ հարցերը կը պահանջեն համահայկական որոշում մը, եւ հայ ժողովուրդը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, զանգուածաբար կը մերժէ ձեր բոլոր խայտառակ ու պարտուողական թուղթի կտորները։ Ուստի, մենք պիտի շարունակենք, հոգիով ու սրտով, Թուրքիան եւ Ազերպայճանը թշնամի նկատել ու յայտարարել, մինչեւ լիակատար արդարութեան հաստատումը, մինչեւ մեր իրաւունքներուն ամբողջական վերականգնումը։

Մենք պիտի շարունակենք ապրիլ եւ գործել մեր դարաւոր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն համաձայն։ Սփիւռքի մէջ, ամբողջ սերունդներ, անհուն զոհողութիւններու գնով, պայքարած են եւ հոսանքն ի վեր նաւարկած՝ պահպանելու համար մեր ազգային արժէքները, մեր սրբութիւնները, մեր աւանդութիւնները, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, հայուն ինքնատիպ դիմագիծը, եւ մեր անխորտակելի Դատը։ Այսօրը տարբեր չէ երէկուընէ. մենք որոշած ենք մեր արմատներուն կառչած մնալ, նոր սերունդները նոյն ուղիով կրթել ու թրծել՝ միաժամանակ մերժելով ձեր հակազգային ճանապարհը, ձեր օրինակը, ձեր արժեհամակարգը, ամէնուրեք անոր հակադրուելով եւ զայն բարձրաձայն դիմակազերծելով։

Մենք նաեւ վճռած ենք մեր կարգին փոխանցել մեզի տրուած ջահը նոր սերունդներուն, որոնք անշուշտ պիտի շարունակեն նոյն ազգային ուղիով, նոյն խորութեամբ, նոյն գաղափարականքաղաքական մտածողութեամբ, նոյն համոզումով եւ նոյն վճռակամութեամբ։ Ձեր փայփայած արտայայտութիւնը՝ «իրական Հայաստան»-ը, մեր բառապաշարին մէջ գոյութիւն չունի. մենք կը ճանչնանք միայն մէկ Հայաստանիր ազգային սկզբունքներուն հաւատարիմ, պահանջատէր, ինքնիշխան, ժողովրդավար, բարգաւաճ, անկախ եւ հզօր Հայաստան մը, որ կորիզն է ազատ, անկախ եւ միացեալ հայ հայրենիքին, զոր կը պաշտպանենք ի տես ապագային։

Վերջապէս, մենք,— Ֆրանսայի, Նետերլանտներու եւ Պելճիքայի մէջ Սփիւռքի շարքերս, մեր երիտասարդական կազմակերպութիւններով, մեր աջակից ընկերակցութիւններով եւ համակիրներու լայն խումբով,— պիտի շարունակենք անվերապահօրէն սատարել մեր Պետութեան, որովհետեւ Պետութիւնն ու պետական հաստատութիւնն են բացարձակ եւ մնայուն արժէքը, եւ ո՛չ թէ իշխանութիւնները, որոնք անցողակի են, յատկապէս չակերտեալ ձեր այսպէս կոչուած անօրինական «իշխանութիւնը». անոր տապալման համար, մենք անվերապահօրէն պիտի գործադրենք մեր բոլոր միջոցները։

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Փարիզ 2025 Հոկտեմբեր 27

Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը՝ «ՆՅ»-ի