Ղազախստան կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի տարածքով դէպի Թուրքիա նոր առեւտրային երթուղի բանալու կարելիութիւնը

Ղազախստան կրնայ նոր առեւտրային երթուղի բանալ դէպի Թուրքիա՝ անցնելով Հայաստանի տարածքէն։ Այս մասին յայտարարած է Ղազախստանի Տնտեսութեան նախարար Սերիք Ժումանկարին։

Նախարարին համաձայն, Հայաստանի տարածքով անցնող երթուղին Ասթանային պիտի ապահովէ ուղղակի մուտք դէպի թրքական նաւահանգիստներ։

“Ներկայիս մենք կ՚անցնինք Ազերպայճանէն՝ Վրաստան, դէպի Սեւ ծովու նաւահանգիստները։ Նոր երթուղին թոյլ պիտի տայ հասնիլ Նախիջեւան եւ այնտեղէն անմիջապէս՝ Թուրքիա, դէպի անոր ծովային նաւահանգիստները”,– նշած է նախարարը։