Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ – Նուրսուլթան. Յարգանքի տուրք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առթիւ, Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցած է ծաղիկներու զետեղման արարողութիւն՝ Նուրսուլթան քաղաքի Սուրբ Ուսբենեան տաճարի շրջափակին մէջ զետեղուած հայկական խաչքարին դիմաց։

Արարողութեան մասնակցած են Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Արթուր Մանասէրեան, դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Գրիգոր Տօնաբէկեան, դեսպանութեան դիւանագէտներն ու աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Տեղւոյն վրայ կատարուած է բարեխօսութեան կարգ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն։