«ԱՔՍՈՐԻ ԵՐԳԵՐ ԵՒ ՈՂԲԵՐ» խորագիրով ԱԿՆ համոյթի արտադրած սալիկը՝ Արամ եւ Վերժին Քերովբեանի կատարումով, անսպասելի է իր բովանդակութեամբ։ Անսպասելի, որովհետեւ շատերու համար հարց է՝ ի՛նչ սրտով նստիլ ու մտիկ ընել աքսորի երգեր ու ողբեր, երբ երկրագունդի վրայ այնքա՜ն հասարակ ու անհանդուրժելի դարձած են պատերազմները, աքսորները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները, ցեղասպանութեան եւ ցեղային խտրականութեան ոճիրները … այնքա՜ն սովորական դարձած են վայրագութեան ու բռնութեան տեսարանները։ Եւ, այսուհանդերձ, Կիրակի, Մայիս 4-ին Փարիզի Մանտափա համերգասրահին մէջ, սալիկի հրապարակման առթիւ՝ աքսորի երգերու կենդանի կատարումը աւելի զգալի դարձուց անոնց կարեւորութիւնը։
Եւ անկասկած միջազգային տարողութեամբ աքսորի ու ողբալի դէպքերու կրկնութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ՝ հեռատեսիլէն, ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեղեկութիւններէն ու մեկնաբանութիւններէն անդին, ա՛յլ եղանակով ընկալել դէպքերը, ինչպէս ողբի, պանդուխտի երգի ձեւաչափով, հանրային ունկնդրումի պայմաններու մէջ, ըմբռնելու համար մարդկային հոգեբանութեան վրայ անոնց թողած խոր հետքը, պատմական եղելութիւններու վերյիշումով, անոնց ծանրութենէն, վիշտէն ձերբազատելու, հոգեկան հանգստութիւն ստանալու, ներքին խաղաղութիւն վերագտնելու, խղճահարութենէ ազատուելու համար։
Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումի շրջանին համընկնելով, պետական, քաղաքապետական ու համայնքային եւ անկախ կազմակերպութիւններու բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին՝ իր ուրոյն տեղն ու նշանակութիւնը ունէր համերգը։ Թէեւ պաշտօնապէս չէր ներկայացուած իբր ոգեկոչումի յայտագիր։
Սալիկին ընկերակցող գրքոյկի պատմական հետազօտական ակնարկին մէջ Գեղամ Գեւոնեան կ՚անդրադառնայ ողբի քերթողական սեռին ու ժողովրդային աւանդութեան։ Կը յիշէ միջնադարէն մեզի ժառանգ հասած գեղարուեստական կտորները, ինչպէս Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» գործը, Արշակ Չօպանեանի յայտնաբերած «Ողբ երկրիս եւ իշխանաց հայոց» տաղը, 19-րդ դարու պանդխտութեան երգերը։ Աքսորի երգերն ու ողբերը բազմազան են ու կարեւոր միջոց՝ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան պահպանման։ Հայկական երգարուեստին մէջ ունին իրենց յատուկ տեղը, երգացանկին մէջ կան երգեր, որոնք աւանդաբար միշտ երգուած են, ինչպէս՝ «Կռունկ»-ը, «Զարթի՛ր լաօ»-ն… Փոխանցուած են աւանդաբար սերունդէ-սերունդ։ Սակայն, թուային արհեստագիտութեան դարուն, մշակոյթային արժէքներու փոխանցումի նոր միջոցներն ու հարթակները կը ստիպեն վերստանձնելու այս ժառանգութիւնը եւ զանոնք մատուցելու նորովի։
Բացի տարածում գտած երգերէ, Քերովբեաններու սալիկը հանրութեան կը հրամցնէ անճանաչ մնացած, մոռացութեան մատնուած երգեր, որոնց յայտնաբերումն ու հանրութեան մատչելի ձեւով ներկայացումը, գեղարուեստականօրէն մատուցումը, մասնաւոր հետազօտական աշխատանք, երաժշտական մասնագիտութիւն եւ սէր կը պահանջէ։ Կարեւոր ու անհրաժեշտ աշխատանք մը, մշակութային էական ժառանգութիւն մը վերագտնելու։ Աքսորի երգերն ու ողբերը կը շարունակեն ունենալ խորքային նշանակութիւն ժողովուրդի մը ենթագիտակիցին մէջ։ Անոնք միայն ցաւի արտայայտութիւն չեն, այլ նաեւ ուժի եւ գոյատեւման վկայութիւն։ Այս երգերը եւ ողբերը կը ծառայեն կենդանի կապ մեր պատմութեան հետ, ուղի մը՝ յիշելու եւ պատուելու մեր նախնիներու փորձառութիւնները։
Սոյն համերգը յաջողութեամբ յիշեցուց մեզի այս աւանդոյթի կարեւորութիւնը։ Երաժշտութեան միջոցով կը պահպանուի եւ կը փոխանցուի պատմութիւնը, յիշողութիւնները եւ ինքնութիւնը։ Յիշել անցեալի ողբալի դէպքերը, աւելի գիտակից ապրելու համար ներկան։ Եւ ինչպէս սալիկին մէջ ալ նշուած է, ժողովրդային ասացուածքին հետեւելով կը կրկնենք «Ղարիբ աղբեր, չեղնի մոռնաս»։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։