Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ճամբորդութիւն դէպի հայաստանեան համակարգի սիրտը

Գրեց՝ ՌՈՊԷՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ

Մէկզմէ­կու նկատ­մամբ յար­գան­քի կոչ ընե­լէ ետք «Ո՛չ, իմ հայ եղ­բայրս իմ թշնա­միս չէ» կարգախօսով, եւ ներգրա­ւուե­լէ ետք «Պե­տու­թեան կա­ռու­ցումը՝ բո­լոր մար­տե­րուն գլխա­ւորը» ար­շա­ւին մէջ, ներ­կա­յիս սու­զուինք «հա­մակար­գի սրտին մէջ»՝ հասկնա­լու հա­մար անոր գոր­ծա­ռական սխալ­նե­րը եւ այն բա­րեփո­խումնե­րը, որոնք անհրա­ժեշտ են։ Պե­տու­թիւնը, այս կեն­սա­կան «գոր­ծա­րան»-ը, պէտք է ամ­րապնդուի եւ խթա­նուի՝ աւե­լի հարթ դարձնե­լու հա­մար իշ­խա­նու­թեան եւ հա­սարա­կու­թեան մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւնը, իշ­խա­նու­թեան ու ժո­ղովուրդին մի­ջեւ ըն­կե­րային պայ­մա­նագի­րը, եւ երաշ­խա­ւորե­լու հա­մար անոր ինքնիշ­խա­նու­թիւնը, ան­կախ՝ իշ­խա­նու­թեան գլու­խը գտնուող­նե­րէն, պայ­մա­նաւ որ ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը պահ­պա­նուի։

Քան­զի յետ­խորհրդայ­նութե­նէ դուրս գա­լու խնդի­րը կը պա­րու­նա­կէ երեք բա­նալի՝

 1. Պե­տու­թեան եւ վար­չա­կար­գի բա­ժանում

 2. Հա­մընդհա­նուր եղ­ծանման դէմ պայ­քար

 3. Գոր­ծա­ռական կա­ռավա­րու­մէ ան­ցում՝ կա­ռու­ցա­յին կա­ռավա­րման

Այս երեք կէ­տերը պի­տի քննար­կենք յա­ռաջի­կային։

Առայժմ, վե­րադառ­նանք այն վեր­ջին ու­սումնա­սիրա­կան ճամ­բորդու­թեան, զոր կա­տարե­ցինք պրն Ալեք­սանդր Ար­մէն Գու­յումճեան եւ ես 2025-ի Յու­նի­սի վեր­ջա­ւորու­թեան, Հա­յաս­տան։ Մինչ պա­տերազ­մը բոր­բո­քած էր Արաք­սի հա­րաւա­յին կող­մը Իս­րա­յէլի եւ Իրա­նի մի­ջեւ, եւ վէ­ճերը սաստկա­ցած էին Էջ­միած­նի հետ, մեր պա­տուի­րակու­թիւնը ու­նե­ցաւ տասնհինգ հան­դի­պում՝ ման­րազնին քննար­կումնե­րով, «Ան­կախներ» կո­չուած քա­ղաքա­գէտ­նե­րու, փի­լիսո­փանե­րու, ըն­կե­րաբան­նե­րու եւ ձեռ­նարկա­տէրե­րու խմբա­կի անու­նով։

Այս խորհրդակ­ցութիւննե­րը ցոյց տուին հիմ­նա­կան ճշմար­տութիւն մը. Հա­յաս­տա­նի հա­մեմա­տու­մը Պալ­թեան եր­կիրնե­րուն հետ բա­ցայայ­տեց 35 տա­րիէ ի վեր կու­տա­կուած բա­ցերը եւ մա՛նա­ւանդ անհրա­ժեշ­տութիւ­նը այդ բա­ցերը լրաց­նե­լու օտար ու տե­ղացի մաս­նա­գէտ­նե­րով, ար­հեստա­վարժնե­րով որոնք գի­տեն առա­ջադէմ եր­կիրնե­րու եւ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կա­ռավար­ման յա­ջող գոր­ծե­լակեր­պե­րը։

Ար­ծարծուած նիւ­թե­րուն ցան­կը՝

1. Պե­տական հիմ­նարկնե­րու բա­րեփո­խում։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան կա­ռավա­րու­մը հիմ­նուած է հե­տեւեալ բա­ղադ­րիչնե­րուն վրայ՝ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ, Վար­չա­պետ, Նա­խարա­րու­թիւններ։ Սա­կայն կը պակ­սի չոր­րորդ բա­ղադ­րի­չը՝ Կեդ­րո­նական վար­չութիւ­նը՝ օժ­տուած խորհրդակ­ցա­կան եւ վե­րահսկո­ղական օր­գաննե­րով, ինչպէս՝ Հա­շուետ­ւութեան ատեանը (Cour des comptes), Պե­տական խոր­հուրդը (Conseil d’État), Պահդրումնե­րու եւ գրաւ­նե­րու գան­ձը (Caisse des dépôts et de consignations), Տնտե­սական, հա­սարա­կական եւ բնա­պահա­կան խոր­հուրդը (Conseil économique, social et environnemental)։

2. Հան­րա­յին գոր­ծա­ռոյթնե­րուն ու ծա­ռայու­թիւննե­րուն հա­մար՝ որա­կեալ բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեանե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու ակնյայտ պա­կասի լու­ծում. աւե­լի լաւ կրթուած ու­սուցիչ­ներ՝ երկրոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու հա­մար, որոնք ի վի­ճակի պի­տի ըլ­լան պատ­րաստե­լու երի­տասարդնե­րը մեծ դպրոց­ներ մուտքի հա­մար։ Ի դէպ, այդ դպրոց­ներն ալ, ինչպէս օրի­նակ՝ Ազ­գա­յին կա­ռավար­ման կամ Գիւ­ղատնտե­սու­թեան դպրո­ցը պէտք է բա­րեփո­խուին, կամ պէտք է ստեղ­ծուին նո­րեր՝ Քա­ղաքա­կան գի­տու­թիւննե­րու հիմ­նարկի կամ Սի­յանս Փօ-ի օրի­նակով։ Ֆրան­սա­կան եւ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թեան դրա­կան մթնո­լոր­տը կրնայ նպաս­տել նման ծրագ­րե­րու իրա­գործման։

3. Տնտե­սական գոր­ծունէու­թեան զար­գա­ցում՝ ար­տադրու­թեան, կա­ռուցման եւ ծա­ռայու­թիւննե­րու բնա­գաւառ­նե­րու օտար ըն­կե­րու­թիւննե­րու հետ ար­դիւնա­բերա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան որո­նու­մով։ 

4. Վար­չա­րարու­թիւննե­րու բա­ժանիչ ու կղզիացեալ կազ­մա­կեր­պումէ հրա­ժարում, որ պատ­ճառ է ար­դիւնա­բերա­կան եւ քա­ղաքա­կան ձա­խողումնե­րու, փո­խարէ­նը՝ ար­դիւնա­ւէտ միջ­նա­խարա­րական կա­ռոյցնե­րու ստեղ­ծում՝ կա­պեր հաս­տա­տելու հա­մար վար­չա­րարու­թիւննե­րու մի­ջեւ, օրի­նակ՝ Առող­ջա­պահու­թեան, Պաշտպա­նու­թեան, Ներ­քին գոր­ծոց եւ Ելեւ­մուտի նա­խարա­րու­թիւննե­րու։

5. Ապա­հովել հարթ եւ մատ­չե­լի հա­ղոր­դակցու­թիւն եւ տե­ղեկատ­ւութիւն բնակ­չութեան եւ աշ­խա­տակից­նե­րուն, աւե­լի լայն առու­մով՝ նաեւ Սփիւռքէն ներ­գաղթեալ­նե­րուն, բազ­մա­զանաց­նե­լով տե­սակա­պով հա­ղոր­դակցու­թեան մի­ջոց­ներն ու խորհրդա­տու­նե­րը։

6. Մի­ջանձնա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ,– հա­կառակ բո­լոր տա­րակար­ծութիւննե­րուն,– բա­րոյա­գիտա­կան յար­գանք՝ կա­նոնա­կար­գի մը հա­ւատա­րիմ մնա­լու նման։ Թշնա­մի չտես­նել միւ­սը, այլ՝ ազ­գա­յին հա­սարա­կական ամ­բողջու­թեան եւ ինքնիշ­խան պե­տու­թեան կա­ռուցման խումբի անհրա­ժեշտ մէկ ան­դա­մը։

Մեր խօ­սակից­նե­րու ու­շա­դիր ունկնդրու­թիւնն ու մեր փո­խանա­կումնե­րուն ան­կեղծու­թիւնը ար­դիւնա­ւէտ եղան։ Ի հար­կէ շատ բան կայ սոր­վե­լու ու կի­սելու գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան, վար­չա­պետին, անոր գլխա­ւոր քար­տուղա­րին, Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարա­նի դա­տաւոր­նե­րուն, խորհրդա­րանա­կան յանձնա­ժողով­նե­րու նա­խագահ­նե­րուն հետ, օրի­նակ՝ Տնտե­սու­թեան յանձնա­ժողո­վին, Կրթու­թեան, Առող­ջա­պահու­թեան նա­խարար­նե­րուն եւ այլն։

Այդ նոյն շա­բաթը, Բարձր ար­հեստա­գիտու­թիւննե­րու նա­խարա­րը յայ­տա­րարեց 500 մի­լիոն տո­լարի ներդրու­մը՝ NVIDIA-ի, Plug & Play-ի, Firebirds-ի, Moderna-ի եւ այլն, Ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան վրայ կեդ­րո­նացած հե­տազօ­տական եւ զար­գացման կեդ­րոն մը հաս­տա­տելու նպա­տակով։ Փա­րիզի Հա­մալ­սա­րանի ըն­կե­րաբա­նու­թեան դա­սախօս մը կազ­մա­կեր­պե­լու ըն­թացքի մէջ է ըն­կե­րաբա­կան գի­տու­թիւննե­րու երի­տասարդ ու­սա­նող­նե­րու մօ­տակայ այ­ցը Ֆրան­սա։ Հանգստեան կո­չուած ձեռ­նարկա­տէրեր, որոնք իրենց ըն­կե­րու­թիւննե­րը ու­րիշնե­րու փո­խան­ցե­լէ ետք, զօ­րաշար­ժի կո­չուած են՝ պաշտպա­նու­թեան ոլոր­տին մէջ գոր­ծող տե­ղական առ­ցանց ըն­կե­րու­թիւննե­րու (start-up) ի նպաստ դրա­մագ­լուխ ապա­հովե­լու հա­մար։

Ինչպէս Հա­յաս­տա­նի այ­գի­ներու խա­ղողը, ագա­հաբար կլա­նե’նք արե­ւու ճա­ռագայթնե­րը եւ խու­սա­փինք տա­րուե­լէ դէ­պի սա­հուն գե­տին­ներ, յա­րու­ցե­լէ վէ­ճեր, որոնք միայն հին դա­րաշրջան­նե­րու վա­յել են։

Ընդհա­կառակն, օգ­նե’նք առող­ջա­բար զար­գա­նալու ու­ղե­ղը, սիրտն ու քա­ջու­թիւնը այս նոր սե­րունդի քա­ղաքա­ցինե­րուն, որոնք կ՚ու­զեն ծա­ռայել ու զար­գացնել իրենց հայ­րե­նիքն ու շէնցնել հայ­րենի հողը։

 

Փարիզ, 14 Յուլիս 2025 ■