2025 Ապրիլ 8-ին Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած «Արեւմտեան Ազերպայճան՝ մեր մշակութային յիշողութեան մէջ» վերտառութեամբ ցուցահանդէսը, որ յաջորդական դրսեւորումն է Հայաստանի նկատմամբ Ազերպայճանի տարածքային նկրտումներուն եւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան իւրացման ձգտումներու անհիմն քարոզչութեան։
Խստօրէն դատապարտելի են Ազերպայճանի կողմէ պատմութիւնը վերաշարադրելու գործողութիւնները, Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին գտնուող հայկական բնակավայրերը, սրբավայրերն ու պատմամշակութային արժէքները «ազերպայճանական» կամ «աղուանական» ներկայացնելու փորձերը։
Նման մերժելի նախաձեռնութիւնները ոչ միայն չեն նպաստեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, այլեւ կը չէզոքացնեն ժողովուրդներու համերաշխութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան միջավայրի ձեւաւորման բոլոր քայլերը։ Մշակոյթը պէտք է ըլլայ կամուրջ ժողովուրդներու միջեւ, ոչ թէ քաղաքական շահախնդրութեան գործիք։
Կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան ու կազմակերպութիւններուն, դիւանագիտական շրջանակներուն եւ մշակութային կառոյցներուն յստակ գնահատական տալ պատմութեան ու մշակոյթի նկատմամբ կատարուող այսպիսի կեղծարարութիւններուն եւ խստօրէն դատապարտել հայ ժողովուրդի հանդէպ Ազերպայճանի կատարած նմանօրինակ ոտնձգութիւնները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակ
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։