Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտած է Արշակ արքեպիսկոպոսի կալանաւորումը.
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Դեկտեմբեր 4-ին մտացածին ու անհիմն մեղադրանքներով Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի ձերբակալումը եւ անոր նկատմամբ դատարանին կողմէ կիրարկուած կալանաւորումը։
Սոյն գործողութիւնը արտայայտութիւնն է Եկեղեցւոյ նկատմամբ վերջին շրջանին սանձազերծուած բռնաճնշումներուն եւ շարունակութիւնը՝ հոգեւորականներու նկատմամբ քաղաքական հետապնդման գործընթացին։ Բարձրաստիճան հոգեւորականները շինծու մեղադրանքներով կալանաւորելը իշխանութեան եկեղեցահալած քաղաքականութեան եւ եկեղեցականներու դէմ ատելութեան խօսքի յաջորդական դրսեւորումն է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը պահանջէ անյապաղ դադրեցնել Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի եւ ազատազրկուած մնացեալ եկեղեցականներու ապօրինի հետապնդումները եւ վերականգնել անոնց խախտուած իրաւունքները»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։