Մայր Աթոռը Դեկտեմբեր 8-ին հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Մայր Աթոռը խստագոյնս կը դատապարտէ վարչապետին գլխաւորութեամբ իշխանութիւններուն կողմէ, իրաւապահ մարմիններու ուժային միջամտութիւններով, եկեղեցական կարգ ու կանոններու, ինչպէս նաեւ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան կոպիտ խախտումներով, հաւատացեալներու հոգեւոր զգացումները վիրաւորելով ու պառակտում սերմանելով՝ «Պատարագի» արարողութիւններու կազմակերպումը տարբեր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ։
Թեմակալ առաջնորդի հոգեւոր իշխանութեան շրջանցումով, եկեղեցական ընկալեալ կարգի ու կանոնի անտեսումով որեւէ եպիսկոպոսի մասնակցութիւնը «Պատարագներուն»՝ կանոնական կոպտագոյն խախտում է, ինչ որ տեղի ունեցաւ Շիրակի թեմի Սուրբ Աստուածածին (Եօթը Վէրք) առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Առայժմ զերծ մնալով խիստ միջոցներու կիրարկումէն՝ Մայր Աթոռը կը յորդորէ կանոնազանց եպիսկոպոսները դադրեցնել իրենց խոտոր ընթացքը եւ կեղծ ու մտացածին բովանդակութեամբ հրապարակային ելոյթները, վերադառնալ կանոնական դաշտ՝ հետեւելով մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ դարերով նուիրագործուած աւանդոյթներուն, գործել բացառապէս հոգեւոր ասպարէզի մէջ եւ օրինականութեան ու միասնականութեան պահպանման բարձր գիտակցութեամբ, որ եպիսկոպոսի՝ իբրեւ առաքելական յաջորդականութեամբ օժտուած սպասաւորի պարտականութիւնն է, կոչումն ու առաքելութիւնը»։