Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մանէ Թանդիլեան. «Ալիեւեան զառանցանքը այն աստիճանի հասած է, որ անոնք «կը մոռնան» պատերազմի ժամանակագրութիւնն ու իրադարձութիւնները» 

«Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համանախագահ Մանէ Թանդիլեան կը հաղորդէ, թէ Պաքուի դատարանին մէջ կը շարունակուին մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ «խեղկատակ դատավարութիւնները»։ Վերջին դատական նիստին յաջորդական շինծու մեղադրանքները ներկայացուած են Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, իբրեւ թէ 2020-ի պատերազմին քաղաքացիական անձինք զոհուած են եւ վիրաւորուած շարք մը բնակավայրերու, ներառեալ՝ Աղդամի մէջ։

Ալիեւեան զառանցանքը այն աստիճանի հասած է, որ անոնք «կը մոռնան» պատերազմի ժամանակագրութիւնն ու իրադարձութիւնները։ Աղդամը մինչեւ 2020 Նոյեմբեր 20 եղած է հայկական վերահսկողութեան ներքոյ եւ պատերազմի ժամանակ ոեւէ ազերպայճանցի չէր կրնար զոհ դառնալ։