Օդանաւի դռան առջեւ ձերբակալուած է 6 տարի 3 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած համայնքապետը
Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող Մասիս համայնքի ղեկավար Դաւիթ Համբարձումեան, Երեւան ժամանումէն անմիջապէս ետք, ոստիկանութեան կողմէ կալանաւորուած է։ Հասարակական գործիչ Նարեկ Մալեան «Դիմագիրք»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկարներ եւ տեսանիւթ մը, ուր կ‘երեւի, թէ ոստիկանները օդանաւի մուտքին կը սպասեն համայնքապետին։ «Կալանաւորեցին ինքնաթիռի դռան մօտէն»,– գրած է Մալեան։
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 23-ին Երեւանի քրէական դատարանի վճիռով Դաւիթ Համբարձումեան դատապարտուած էր 6 տարի 3 ամիս բանտարկութեան։
Անոր դէմ 2018 Յունիսին մեղադրանք յարուցուած էր՝ 2018 Ապրիլ 22-ին Արարատի մարզի Հայանիստ—Հովտաշատ գիւղերու խաչմերուկին մօտ խումբ մը անձերու հետ հասարակական կարգը կոպտօրէն խախտելու, բռնութիւն գործադրելու եւ գոյք ոչնչացնելու յանցանքներով՝ ընդդէմ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը ուղղուող երթի մասնակիցներուն։
Համբարձումեան 2018 Յուլիսին կալանաւորուած, սակայն 2 ամիս ետք 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած էր։ Ան չ‘ընդունիր իր դէմ յարուցուած մեղադրանքը։