Մասուտ Փեզեշքեան. «Թեհրան պէտք է արագօրէն բարելաւէ յարաբերութիւնները դրացիներուն հետ»

«ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան յայտարարած է, որ Թեհրան պէտք է արագօրէն բարելաւէ յարաբերութիւնները դրացի պետութիւններուն հետ՝ ընդգծելով, թէ տարածաշրջանային զօրաւոր կապերը կրնան օգնել չէզոքացնելու Արեւմուտքի սահմանած պատիժները։

Փեզեշքեան դիտել տուած է, թէ շարք մը «մեծ ներուժ» ունեցող երկիրներու հետ, ինչպէս՝ Ազերպայճան, Հայաստան, Թուրքիա, Իրաք, Փաքիստան, Աֆղանիստան, Թիւրքմէնստան եւ Իրանի հարաւային դրացիները, պէտք է աշխուժացնել փոխադարձ գործակցութիւնը՝ խնդրոյ առարկայ պետութիւններու ընդհանուր շահերը ապահովելու համար։

Խմբագրական