Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մատենադարանին մէջ լուսանկարներու վերականգնման դասընթացքներ՝ ֆրանսացի մասնագէտներու ղեկավարութեամբ

Ֆրանքեւհայկական գործակցութեան ծիրէն ներս, «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ կ՚ընթանան լուսանկարներու վերականգնման գիտական-գործնական դասընթացքներ:

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի եւ Ֆրանսայի Ազգային ժառանգութեան հիմնարկի տնօրէն Շառլ Փերսոնայիմիջեւ գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ՝ լուսանկարներու վերականգնման ֆրանսացի մասնագէտներ ժամանած են Հայաստան՝ մասնագիտական գիտելիքներ հաղորդելու համար Մատենադարանի վերականգնողներուն: Անոնք արխիւային հաւաքածուի մը օրինակով կը սորվեցնեն լուսանկարներու պահպանման առանձնայատկութիւնները, տարբեր ժամանակներու լուսանկարչական թեքնիքի հիմքերը, հին եւ ժամանակակից նիւթերը զանազանելու ձեւերը, վնասաբեր հիմնական հետեւանքներու բնութագրումը եւ պահպանման գլխաւոր եղանակները:

Կ՚արժէ նշել, թէ Մատենադարանը կը պահպանէ ոչ միայն ձեռագրեր եւ արխիւային գանձեր, այլ նաեւ լուսանկարներու եզակի հաւաքածոներ:

Այս կապակցութեամբ ֆրանքեւհայկական գործակցութեան սկիզբը դրուած է Զուիցերիոյ մէջ, մասնակցութեամբ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի։