Մարսիլիոյ մէջ օծուեցան հայկական եւ լատինական զոյգ խաչքարերը. քրիստոնէական միութեան վկայութիւն մը

Ուրբաթ,  Դեկտեմբեր 5-ին, Մարսիլիոյ Նոթր-Տամ տը լա Կարտ տաճարին մէջ, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը օծեց զոյգ խաչքարներ՝ բաղկացած հայկական կենաց խաչէն եւ լատինական խաչէն։

Մարսիլիոյ արքեպիսկոպոս կարդինալ Ժան-Մարք Ավըլին մասնակցեցաւ այս արարողութեան՝ բազմաթիւ քահանաներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սա հաւատքի եւ յոյսի մէջ քրիստոնէական միութեան գեղեցիկ վկայութիւն մըն է։ Առաջին անգամն է, որ զոյգ խաչեր կը զետեղուին լատին կաթողիկէ սրբավայրի մը մէջ։

Նախապէս ալ, Կարդինալն ու Կաթողիկոսը նոյն տաճարի թանգարանին մէջ կատարեցին հայկական արուեստին նուիրուած «Հայկական գանձեր»ցուցահանդէսին բացումը։

Պընուա Փայան եւ Մարթին Վասալ ընդունած են Կաթողիկոսը

Նշենք, որ Մարսիլիա իր այցելութեան շրջանակին մէջ, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Դեկտեմբեր 4-ին ընդունուեցաւ Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայանի եւ Պիւշ-տիւ-Ռոն նահանգի ու Մեծն Մարսիլիոյ (Marseille Métropole) նախագահուհի Մարթին Վասալի կողմէ։ 

Այս առթիւ, Պընուա Փայան ընկերային ցանցերու իր հաշիւին գրած է. «Այս առտու  մեծ պատիւով Քաղաքապետարանին մէջ հիւրընկալեցի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։

Իրեն յիշեցուցի պատմական, հզօր եւ յաւերժական այն կապերը, որոնք մեր քաղաքը կը կապեն հայերուն հետ։

Մարսիլիան Մարսիլիա պիտի չըլլար առանց հայերուն»։

Մարթին Վասալ ալ գրած է. «Խորապէս պատւուած եմ այսօր հիւրընկալելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։

Անոր ներկայութիւնը հոս կը վկայէ այն զօրաւոր կապերուն մասին, որոնք կը միացնեն Փրովանսն ու Հայաստանը։

Մեր տարածաշրջանը հպարտ է հայ համայնքին համար հիւրընկալ եւ հարազատ հող հանդիսացած ըլլալուն համար։ Պատմական, եղբայրական եւ անխախտ բարեկամութիւն մը»։