Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մարսիլիոյ քաղաքապետը այցելած է «Քամփ Օտտօ»-ի ցուցահանդէսը

Մայիս 3-ին, Մարսիլիոյ քաղաքապետը այցելած է Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած «Քամփ Օտտօ»-ի ցուցահանդէսը, ուր դիմաւորուած է Թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի եւ «ԱՐԱՄ» հայկական արխիւներու ուսումնասիրութեան եւ յիշողութեան կեդրոնի տնօրէնուհի Ասթրիտ Արթին Լուսիկեանի կողմէ։

Պընուա Փայան շրջած է Թանգարանի մնայուն ցուցադրութեան սրահներուն մէջ եւ մօտէն ծանօթացած Քամփ Օտտոյի առժամեայ ցուցադրութեան։

Քաղաքապետը իր տպաւորութիւնները արձանագրած է Թանգարանի պատուոյ հիւրերու մատեանին մէջ։

Այցելութիւն՝ Ծիծեռնակաբերդ

Նոյն օրը Մարսիլիոյ քաղաքապետը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամարիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած սրբադասուած բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։

Screenshot

Այ­ցե­լու­թիւն՝ Եռաբլուր

Մարսի­լիոյ քա­ղաքա­պետը այ­ցե­լած է նաեւ Եռաբ­լուր։ Այս մա­սին ան X-ի իր հա­­շիւին գրած է հե­­տեւեալը.

«Եռաբ­լուր զի­նուո­րական գե­րեզ­մա­նատան մէջ յարգանքի տուրք՝ անար­դար եւ աւե­րիչ պա­տերազ­մի մը հայ զո­հերու յիշատակին։ Մար­սի­լիա միշտ պի­տի մնայ խա­ղաղու­թեան կողմնակից»։

Այ­ցե­լու­թիւն՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

Մայիս 4-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունած է Մարսիլիոյ քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Հանդիպումին ներկայ եղած է Ֆրանսայի դեսպանն ալ։

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծած է, թէ պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ հայ ժողովուրդին համար այս բարդ ժամա­նակներուն՝ եւս մէկ դրսեւորումն է ֆրանքեւհայկական բարե­կամութեան եւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող զօրակ­ցութեան։

Իր կար­գին քա­ղաքա­պետ Փա­յան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով Ամե­նայն հայոց կաթողիկոսին՝ ըն­դունե­լու­թեան հա­մար, անդրա­դար­ձած է ֆրան­քեւհայ­կա­կան պատ­մա­կան կա­պերուն, շեշ­տե­լով Մար­սի­լիոյ հայ հա­մայնքին ներդրումն ու շա­րու­նա­կական ներգրա­ւու­մը քա­ղաքի զար­գացման մէջ։ Քա­ղաքա­պետը հա­ւաս­տած է, թէ անհրա­ժեշտ ջան­քե­րը պի­տի գոր­ծադրո­ւին հայ ժո­ղովուրդին առ­ջեւ ծա­ռացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար։ ■