Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան գործակցութեան հրամայականը

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումի նախօրեակին ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կազմակերպեց Ազատութեան հրապարակին վրայ, որուն մասնակցեցաւ քանի մը հազար հոգի։ 44-օրեայ պատերազմի օրերէն ի վեր ընդդիմութիւնը անընդհատ կը փորձէ հանրահաւաքներ ու ցոյցեր կազմակերպել, տապալելու համար Հայաստանի քաղաքացիին ժողովրդավար կերպով ընտրած իշխանութիւնը։ Միշտ նոյն ամպագոռգոռ կոչերն են, որ կը լսուին բեմերէն նոյն ճառախօսներուն կողմէ, նոյն յորդորները թէ՝ ժողովուրդը պէտք է իջնէ փողոց ներկայ իշխանութիւնները հեռացնելու համար։ Մինչեւ ե՞րբ։

Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարցերը նոր սրացում ստացան ռուսական բանակի ուքրաինական ճակատին կրած կորուստներու ենթախորքին վրայ։ Ռուսական իշխանամէտ շրջանակները ընդունեցին, որ Ազէրիները խախտած են 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ զինադադարի պայմանագիրը։ Զինեալ բախումներու յաճախականութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին։

Եւրոպացիները ռուսական կազէն իրենց կախեալութիւնը նուազեցնելու համար իբրեւ այլընտրանք, ի միջի այլոց, կ՚ապաւինին ազէրական կազին։ Այսպէսով, Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը դառնայ արեւմտեան կարգ մը երկիրներու կողմէ Ռուսաստանի վրայ ճնշում բանելու միջոց, իսկ Ազէրիներուն համար յարմար առիթ՝ Արեւմուտքէն երաշխիքներ կորզելու՝ Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահ զօրքերուն եւ հայկական պաշտպանական դիրքերուն վրայ յարձակելու եւ բռնի կերպով Արցախը գրաւելու։ Թուրքիան նոյնպէս միջնորդական դերակատարութիւն ստանձնելով Ուքրաինայի եւ Ռուսաստանի միջեւ՝ բարելաւեց իր վարկը, Արեւմուտքին հետ իր թշնամական յարաբերութիւններու էջը փակելով։

Միայն Հայաստանի ընդդիմութիւնն է որ մէկ ու կէս տարիէ  վեր իշխանութիւնը տապալելու նոյն եղանակը կը նուագէ։ Միջազգային նման բարդ պայմաններու մէջ, ընդդիմութեան հանրահաւաքը իր ամուլ կոչերով,– Արցախի անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան երաշխաւորը ըլլալու պահանջ, Արցախի՝ Ազէրպայճանի կազմին մէջ ըլլալու մերժում եւ կամ Թուրքիոյ հետ հաշտութեան գործընթացը կասեցնելու պահանջ,– էապէս կը շեղէ հայ հասարակութեան ուշադրութիւնը գլխաւոր մարտահրաւէրէն, որ ազէրական յարձակումի վտանգն է, որուն համար ողջմտութիւնը կը պահանջէ որ՝ մեծամասնութիւն եւ ընդդիմութիւն ձեռք-ձեռքի աշխատին։

Բնականաբար դիւանագիտական յարաբերութիւնները կարեւորագոյն զէնքերէն են կանխելու համար պատերազմի վտանգը, որուն դիմաց՝ հրամայականներ են նախապատրաստուիլը ինքնապաշտպանութեան, երկիրն ու ժողովուրդը զգաստացնելը, ի հարկին մղելը համազգային ինքնապաշտպանական շարժումի, այնպէս ինչպէս Ուքրաինացիները այս միջոցին կ՚ընեն ռուսական զօրքերուն դէմ։

Հայաստանի մեծագոյն դժբախտութիւնը կը մնայ ընդդիմութեան իշխանատենչութիւնը, որ կ՚առաջնորդէ շատ մեծ թերացումներու, ինչպէս՝ ծրագրային սնանկութեան եւ քաղաքական գործընթացները միջազգային սուր բախումներու համածիրին մէջ տեղադրելու անկարողութեան, պետութեան զինուորական եւ դիւանագիտական միջոցներու սահմանափակ բնոյթի անգիտացման, հայ մտաւորականութեան, գիտնականներուն եւ աշխատունակ ժողովուրդին ապաւինելու, անոնցմով պետութեան գոյատեւումը ապահովելու, անվտանգութեան երաշխիքներ ստեղծելու անկարողութեան։

1999-ի խորհրդարանի սպանդէն ի վեր Հայաստանի եւ Արցախի իշխող քաղաքական եւ զինուորական խաւը մսխած է իր դիւանագիտական եւ զինուորական կարողութիւնները ու ուժականութիւնը, թերագնահատած՝ իր դաշնակիցներուն, յատկապէս Ռուսերուն ռազմավարական շահերը, հակառակած՝ միջազգային գործընկերներու թելադրանքներուն, անտեսած՝ հայ ժողովուրդի խաղաղութեան ձգտումը, ջլատած՝ անոր ինքնիշխանութեան կարողութիւնը, զրկած՝ ինքնապաշտպանութեան միջոցներէ։ Աշխարհ եւ Հայաստան կ՚ապրին ճակատագրական պահեր, ուր ռազմավարական նոր գործընկերութիւններ գծագրուելու ընթացքի մէջ են։ Պետութեան գոյատեւումը կը պահանջէ մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան իրարու հետ գործակցութիւնը։ 

Ժ.Չ. ■