Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մերձաւոր Արեւելքի թեմակալ առաջնորդներու յայտարարութիւնը

ի պաշտպանութիւն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ

«Մերձաւոր Արեւելքի երեք թեմերու առաջնորդներս խոր մտահոգութիւն կը յայտնենք վերջին օրերուն հանրային հարթակներու վրայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ տարածուող անպատշաճ մեկնաբանութիւններու եւ գրառումներու առնչութեամբ։ Այսպիսի յայտարարութիւններ, յատկապէս հայրենիքի ներկայ ծանր ժամանակաշրջանին, միայն կը խաթարեն մեր ազգային համախմբուածութիւնը եւ կը թուլացնեն մեր միասնական ոգին։

Աւելի քան 17 դարեր, Հայ եկեղեցին եղած է մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային յենարանը։ Մեր եկեղեցիներն ու հոգեւորականները անարգելը կամ զրպարտելը ոչ միայն կը վիրաւորէ մեր ազգային արժանապատւութիւնը, այլեւ վտանգի կ՚ենթարկէ մեր հաւաքական ինքնութեան հիմքերը։ Եկեղեցին մեր ազգի հաւատքի խարիսխն է, եւ անոր դէմ ուղղուած ամէն խօսք կը հարուածէ մեր ընդհանուր ժառանգութիւնը։

Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղենք զերծ մնալու նմանօրինակ անհատական կամ խմբային գրառումներէ ու յայտարարութիւններէ, խորապէս գիտակցելու մեր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն կարեւորութեան եւ միասնաբար ջանքեր գործադրելու՝ վերականգնելու համար այն համերաշխութիւնը, որ կը պահպանէ մեր հայրենիքի եւ Սուրբ եկեղեցւոյ կայունութիւնը։ Ճգնաժամային այս պահուն, զսպուածութիւնը, պատշաճութիւնն ու խոհեմութիւնը կրնան ճանապարհ հարթել դէպի լուծումներ՝ զօրացած աղօթքով եւ Աստծոյ առաջնորդութեամբ։

Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Հայոց Հայրապետին եւ մեր հաւատարմութիւնը՝ Սուրբ եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, աղօթքով, սիրով եւ խոնարհ նուիրումով։ Կ’աղօթենք Ամենակալն Աստուծոյ, որ պահէ ու պահպանէ Հայայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հաւատաւոր հայ ժողովուրդը, պարգեւելով խաղաղ, բարեբեր եւ լուսաւոր ապագայ:

Տ. Աշոտ եպիսկ. Մնացականեան՝ առաջնորդ Եգիպտոսի հայոց

Տ. Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեան՝ առաջնորդ Դամասկոսի հայոց

Տ. Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան՝ առաջնորդ Իրաքի հայոց»