ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔ – Հրադադարի ստորագրումէն նուազ քան մէկ շաբաթ ետք՝ Իսրայէլի հարուածներէն Կազայի մէջ զոհեր կան

Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ ձեռք բերուած հրադադարին ստեղծած յաղթական ու խանդավառ մթնոլորտէն նուազ քան շաբաթ մը ետք, արդէնվերսկսածենկռիւները։

Այսպէս, Կիրակի, Հոկտեմբեր 19-ին Իսրայէլ հարուածած է Կազայի գօտիի հարաւային Ռաֆահի շրջանը, ի պատասխան «իր ուժերուն վրայ յարձակումներուն», յայտարարած է Իսրայէլի բանակը։

Կազայի բնակիչներն ու տեղական առողջապահական մարմինները յայտնած են, որ Իսրայէլի այս հարուածներուն զոհ գացած է առնուազն 11 հոգի։

Իսրայէլացի զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յայտարարած էր, որ իր երկրին բանակը կրնայ հարուածել Համասի թիրախներ, ի պատասխան Կիրակի օրը իսրայէլական զօրքերու վրայ առնուազն երեք յարձակումներու։ Ըստ անոր՝ Համասի զինեալներ Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ հակահրասայլային հրթիռ արձակած եւ կրակ բացած են իսրայէլացի զինուորներուն վրայ։

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ հրամայած է զինուորականներուն պատասխանել Համասի կողմէ հրադադարի խախտումներուն։

Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է, որ հրադադարի որեւէ խախտումի կամ փորձի պիտի պատասխանեն կրակով:

Համաս ալ իր կողմէ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր մանրամասն նկարագրուած են Իսրայէլի կատարած շարք մը խախտումները, որոնց զոհ գացած է ընդհանուր առմամբ 46 հոգի եւ խոչընդոտուած է անհրաժեշտ պարագաներու մատակարարումը Կազա։