Արցախի Պետական նախարարը՝ Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան Յուլիս 17-ին իր խօսքը ուղղած է Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն.
«Կ՚ողջունեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկսած՝ համաժողովրդական շարժումի մասնակիցներու իրազեկման ցոյցերը, որոնք պէտք է շարունակուին այնքան ատեն, քանի դեռ բոլորը հասու չեն եղած Արցախի իրավիճակին եւ քանի դեռ յստակ քայլերու չեն ձեռնարկուած Արցախի ժողովուրդի հանդէպ իրականացուող այս բացայայտ ոճրային արարքները դադրեցնելու ուղղութեամբ:
Կանգնեցէ՛ք այդ պատասխանատւութիւնը ստանձնած արցախցի մանուկներու եւ երիտասարդներու կողքին: Մէկ կողմ ձգեցէք բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները եւ համախմբուեցէք, իսկ եթէ այդ մէկը ոմանց համար սկզբունքի հարց է, ապա կը խնդրեմ զիջող ըլլաք, նախընտրելի է ըլլալ անսկզբունք, քան անհայրենիք»: