ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Թրամփ ներում շնորհած է Ազերպայճանի շահերը պաշտպանելու համար կաշառք ստանալով մեղադրուող դեմոկրատ կոնգրէսականին

ԱՄՆ նա­խագահ Տա­նըլտ Թրամփ նե­րում շնոր­հած է Թեք­սաս նա­հան­գէն դե­մոկ­րատ կոնգրէ­սական Հեն­րի Քուէյա­րին եւ անոր կնոջ՝ Իմել­տա Քուէյա­րին, որոնց նկատ­մամբ 2024-ին կա­շառա­կերու­թեան, ապօ­րինի գու­մարնե­րու օրի­նակա­նաց­ման (դրամ­նե­րու լուաց­ման) եւ դա­ւադ­րութեան մե­ղադ­րանքներ յա­րու­ցուած էին։ Քուէյա­րին նե­րում շնոր­հե­լու մա­սին Թրամփ յայտնած է Truth Social ըն­կե­րային հար­թա­կին վրայ։

Ըստ ամե­րիկեան լրաս­փիւռ­նե­րուն՝ Քուէյա­րի եւ անոր կնոջ նկատ­մամբ հե­տաքննու­թիւն սկսած էր 2022-ին։ Դաշ­նակ­ցա­յին իշ­խա­նու­թիւննե­րու հա­մոզ­մամբ՝ անոնք շուրջ 600 000 տո­լար կա­շառք ստա­ցած են Ազեր­պայճա­նի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ վե­րահսկուող ու­ժա­նիւ­թա­յին ըն­կե­րու­թեան շա­հերը պաշտպա­նելու եւ այդ նպա­տակով նպաս­տա­ւոր օրէնսդրու­թեան ըն­դունման աջակ­ցե­լու հա­մար։

Թրամփ գրած է, որ ան­վե­րապա­հօրէն նե­րում կը շնոր­հէ Քուէյար ամո­լին՝ պնդե­լով, որ նախ­կին նա­խագահ Ճօ Պայ­տըն իր ձեռ­քին գոր­ծիք դար­ձուցած է ար­դա­րադա­տու­թեան հա­մակար­գը եւ զայն ծա­ռայե­ցու­ցած իր քա­ղաքա­կան հա­կառա­կորդնե­րուն դէմ։ Ըստ Թրամ­փի՝ Քուէյարի դէմ մեղադրանք առաջադրուած է, քանի որ ան դէմ արտայայտուած է Պայտընի «բաց սահմաններու» քաղաքականութեան։