Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսըմ ստորագրելով՝ օրէնքի ուժ տուած է AB-91 օրինագիծին, որ ծանօթ է նաեւ «MENA (Մերձաւոր Արեւելք եւ Հիւսիսային Ափրիկէ) Ներառման օրէնք» անունով։ Նահանգի 0րէնսդիր ժողովի անդամ Ճոն Հայրապետեանի հեղինակած այս օրէնքով՝ ամերիկահայերը պետական տուեալներու հաւաքագրման մէջ այլեւս պիտի չարձանագրուին ընդհանուր «սպիտակ» դասակարգման մէջ։
Տասնամեակներ ամբողջ, հայերը եւ Մերձաւոր Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի (MENA) այլ համայնքներ «սպիտակ» դասակարգուելով՝ «անտեսանելի» դարձած էին պետական վիճակագրութեանց մէջ, որ կը քօղարկէր կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ ծառայութիւններու մէջ առկայ անհաւասարութիւնները։
Նոր օրէնքը կը պարտադրէ, որ 2027 Յունուար 1-էն սկսեալ, պետական գործակալութիւնները հաւաքեն եւ հրապարակեն առանձնացուած տուեալներ MENA համայնքներու համար, ներառեալ յստակ բաժին մը՝ ամերիկահայերուն համար։
“Սա մեծ քայլ մըն է, որու շնորհիւ ամերիկահայերը այլեւս անտեսանելի պիտի չըլլան Գալիֆորնիոյ համար”,– կ՚ըսէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի (ANCA-WR) ատենապետ Օշին Յարութիւնեան։ Իր կարգին, համայնքային կազմակերպիչ դոկտ. Սոֆիա Արմէն կը նշէ. “Այս օրէնսդրութիւնը կը հաստատէ, որ մեր համայնքները հաշուի կ՚առնուին եւ ճշգրիտ տուեալները էական են արդարութեան համար”։
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՚ողջունէ նահանգապետ Նիւսըմի որոշումը եւ կը գնահատէ Նահանգային օրէնսդիր ժողովի անդամ Հայրապետեանի աշխատանքը։ «AB-91-ի ստորագրումը կ՚ընդգծէ քաղաքական ասպարէզի մէջ հայ համայնքի ներկայութեան կարեւորութիւնը եւ կը հանդիսանայ նախադէպ մը՝ միւս նահանգներուն եւ դաշնակցային կառավարութեան համար»,– կը յայտարարէ Յանձնախումբը։ ■